Որոնել

Կարդինալ Ռէյնարտ  Մարքսը Կարդինալ Ռէյնարտ Մարքսը 

Անչափահասներու պաշտպանութեան վատիկանեան ժողովին երրորդ օրուան նիւթը «Թափանցիկութիւն»։

Յստակ ըլլալ եւ չթաքցնել սեռային շարաշահումի արարքները՝ մղուած սխալ գործելու վախէն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 23 փետրուար 2019-ին, Վատիկանի մէջ գումարուած անչափահասներուն պաշտպանութեան հայող վեհաժողովին երրորդ օրը, յատկացուած եկեղեցւոյ մէջ թափանցիկութեան նիւթին, զեկոյց ներկայացողներուն շարքին եղան մէկ մայրապետ մը, Մոնաքօ թեմին արքեպիսկոպոսը, ապա Մեքսիկացի Լրագրողուհի մը:

Մինչ ժողովին ծիրէն ներս ինչպէս ամէն օր ներկայացուեցաւ չարաշահումի թիրախ մէկ զոհի մի վկայութիւնը :

Քոյր Վերոնիքա Օփենիպօ ՝ Սուրբ Մանուկ Յիսուսի անուան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհին , իր ներկայացուցած զեկոյցին մէջ հրաւէր ուղղեց «այլեւս չթաքցնելու նման արարքներ՝ մղուած սխալի վախէն: Շատ անգամ կ՝ուզենք, հանդարտ մնալ մինչեւ ՝փոթորիկի վերջը, սակայն՝ ընդգծեց մայրապետը, այդ փոթորիկը չհանդարտեցաւ։ Այդ փոթորիկը անցողական չէ։ Վտանգուած է մեր հաւատալիութիւնը »:

Օրուան երկրորդ զեկոյցը յանձնուած էր Մոնաքոյի եւ Ֆրիզինկա թեմի արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Ռեյնարտ Մարքսին՝ նախագահը Գերմանիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին որ իր միջամտութեան մէջ դիտել տուաւ որ « հետագծելիութիւնն ու թափանցիկութիւնը յառաջ չեն գար ոչինչէն: Անոնք մշտական պարտականութիւն մըն են, որ կարելի է կատարել եկեղեցիէն դուրս արտաքին մասնագէտներուն օժանդակութեամբ: 

Ծիրանաւորը նշեց, թէ հիմնական է պատասխանատու անձերու անհատական կեցուածքը. անոնք մինչեւ ուր պատրաստակամ են իրենց գործարաքը արդարացնելու ՝ուրիշներու հետ եւ որն է ուրիշներուն հսկողութեան տակ գտնուելու չափանիշը:

Վեհաժողովին յետմիջօրէի երրորդ զեկոյցը յանձնուած էր Վալենթինա Ալազրաքի Մեքսիքացի 64 ամեայ լրագրողուհիին , որ տարիներ ամբողջ զբաղած է Վատիկանեան տեղեկութիւններով սկսեալ ՝ Սուրբ Պօղոս Զ Պապէն: Ան մասնակցած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին՝ առաքելական ճամբորդութիւններէն 100 ճամբորդութիւններուն, Պենետիկտոս Զ Պապի եւ ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութիւններուն :
Զեկոյցին մէջ Ալազրաքի ի մէջ այլոց ըսաւ. «Իմ՝ աշխարհական կաթողիկէ լրագրողուհի, որ եկեղեցւոյ ներքոյ ոչ մի պարտականութիւն ունի, ու ձեր՝ եպիսպոսներ, կարդինալներու միջեւ մի գուցէ չկայ ոչ մի միասնական իրականութիւն եթէ ոչ մէկ զօրեղ իրականութիւն մը. Բոլորս ունինք մայր մը եւ այստեղ կը գտնուինք որովհետեւ մայր մը մեզ աշխարհ բերաւ։
Ես ունիմ ապա այլ առաւելութիւն մը՝ իմ կարգիս մայր մըն եմ ու այստեղ չեմ գտնուիր միայն որպէս լրագրողուներու ներկայացուցիչ այլեւ ներկայացուցիչ մայրերու, ընտանիքներու- քաղաքաքացիական ընկերութեան ու կ՛ուզեմ ձեր հետ կիսել իմ կեանքիս փորձառութիւնս ու ձեզի փոխացնել մի քանի գործնական խորհուրդներ»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2019, 11:04