Անչափահասներու պաշտպանութեան հայող Եպիսկոպոսական Հաւաքը Անչափահասներու պաշտպանութեան հայող Եպիսկոպոսական Հաւաքը  

Անչափահասներու Պաշտպանութեան հաւաքին առթիւ ներկայացուած առաջին օրուայ զեկոյցներուն նիւթերը։

Առաջին օրուայ օրակարգի կեդրոնական նիւթն է «Պատասխանատուութիւնը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անչափահասներու Պաշտպանութեան հաւաքին առաջին օրուայ օրակարգի կեդրոնական նիւթն է «Պատասխանատուութիւնը» որուն մասին կը ներկայացուին երեք հիմնական զեկոյցներ որոնցմէ առաջինը ներկայացուց Մանիլայի Արքեպիսկոպոսը՝ 62 ամեայ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ.  «Ոչխարներու բուրմունքը: Ճանչնալ անոնց  ցաւն ու բուժել անոնց վէրքերը,  Հովիւին կեդրոնական  պարտականութիւնը» նիւթին շուրջ։

Զեկոյցին մէջ ան անդրադարձ կատարեց զոհերու տառապանքին դիմաց եկեղեցականներու պատասխանի բացակայութեան մասին, ու գայթակղութիւնը ծածկելու եւ չարաշահողները պաշտպանելու իրադարձութեան շուրջ, որ՝ ըսաւ կարդինալ Թակլէ «յօշոտեց մեր ժողովուրդը, խոր վէրք մը պատճառելով մեր իրենց հետ ունեցած յարաբերութեան մէջ մինչ մենք կանչուած էինք անոնց ծառայելու»։

Օրուան երկրորդ զեկոյցը ներկայացուց  Մալթայի Արքեպիսկոպոսը՝ 59 ամեայ Գերապայծառ Շարլ Շիքլունան «Պատասխանատուութեան ստանձնումը՝ սեռային չարաշահումի տագնապի խնդիրներ ու անոնց կանխարգիլման համար վերաբերմունքը»։ Յայտնենք թէ Գերապայծառ Շիքլունան երկար տարիներու ընթացքին Սուրբ Աթոռի անունով եղած է քննիչ՝ կղերականներու կողմէ սեռական ոտնձգութիւններու հետաքննութիւններուն։

Իր զեկոյցին մէջ Մալթայի Արքեպիսկոպոսը շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ թէ հաւատացեալներու հասարակութիւնը որ դրուած է մեր պաշտպանութեան տակ պէտք է իմանայ թէ մեր կատարածը լուրջ գործ է։ Մեզ պէտք է ճանչնան որպէս իրենց եւ իրենց զաւակներուն ու երիտասարդներուն անվտանգութեան պահապանները։ Զանոնք պէտք է ներգրաւենք խոնարհութեամբ եւ անկեղծութեամբ ու պիտի պաշտպանենք ամէն գնով։ Մեր կեանքը պիտի տանք մեզի յանձնուած հօտին համար»

Իսկ օրուան երրորդ  զեկոյցի ներկայացումը, որ կը կատարուի  յետմիջօրէի նիստին ընթացքին, յանձնուած է Պոկոթայի Արքեպիսկոպոս 76 ամեայ Կարդինալ Ռուպէն Սալազար Կոմեսին «Խոցուած Եկեղեցի. Դիմագրաւել հակամարտութիւնները եւ գործել վճռակամութեամբ»։

«Այն իրողութիւնը որ այլ իշխանութիւններու կամ հասարակութիւններու ներքոյ եւս չարաշահումներ կը պատահին չեն արդարացներ արդ չարաշահումներու իրականացումը եկեղեցւոյ մէջ, որովհետեւ հակառակ են եկեղեցական հասարակութեան նոյնինքն էութեան ու կը կազմեն քահանայական առաքելութեան հրէշային խեղաթիւրում որ իր բնութեամբ եւ որպէս վեհագոյն նպատակ պէտք է փնտռէ հոգիներուն բարիքը։  Արդարեւ չկայ ոչ մէկ արդարացումի  կարելիութիւն՝ չի բացայայտելու, չի դիմակազերծելու ու քաջութեամբ եւ վճռակամութեամբ չդիմագրաւելու որեւէ չարաշահում որ տեղի կ՛ունենայ Եկեղեցւոյ ներքոյ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2019, 10:53