Անչափահասներու պաշտպանութեան վեհաժողովին եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը Անչափահասներու պաշտպանութեան վեհաժողովին եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը 

Անչափահասներու պաշտպանութեան վեհաժողովին եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը։

Խորանին վրայ դնենք եկեղեցւոյ ձախողութիւնները, դաւաճանութիւնները, հաւատքը, յոյսերն ու սէրը հանդէպ Յիսուս Քրիստոսին որ անմեղ օրէն զոհուեցաւ մեզի համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 24 փետրուար 2019-ին առաւօտեան 9.30-ին առաքելական պալատի Ռեճա դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց Անչափահասներու պաշտպանութեան վեհաժողովին եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը որուն ընթացքին Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան աւետարանական ընթերցումէն ետք (Ղուկաս 6շ 27-38), ուր Յիսուս կը հրաւիրէ աշակերտները սիրելու զիրար ու նաեւ թշնամիները, ըլլալու գթասիրտ ւո բարեգործ, յաւուր պատշաճի քարոզը ներկայացուց Աւստրալիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ գերապայծառ Մարք Պնետիկքդ Քոլերիճը որ Յիսուսին այլակերպութեան  դէպքը մեկնաբանելով նշեց թէ Յիսուս այնտեղ ցոյց տուաւ իր իշխանութիւնը՝ «ծառայութեան ու հեզութեան իշխանութիւնը», ըսաւ Ան ակնարկելով նաեւ եկեղեցւոյ տրուած իշխանութեան ու նշելով թէ Յիսուսին իշխանութիւնը երկնային է մինչ աշխարհիկ իշխանութիւնը յաճախ վտանգաւոր ու կործանիչ է,  երբ ան բաժնուած է ծառայութենէն, երբ ան չի հանդիսանար սիրոյ արտայայտութիւն։

Գերապայծառ Քոլերիճ մատնանշեց ապա երեք օր տեւած վեհաժողովին ու այդ առընչութեամբ նշեց թէ հարկաւոր է որ մենք եւս ապաշխարենք ու դիմենք խղճի քննութեան ու սրտերու դարձի։ Մենք՝ ըսաւ Ան, փոխանակ ծառայութեան ու սիրոյ իշխանութեան շատ անգամ ընտրեցինք անտարբերութիւնը ու մեր աղօթքներուն մէջ հարց տուինք «Տէր ե՞րբ պատահեցաւ որ քեզ տեսանք չարաշահուած ու քու օգնութեանդ չի հասանք»  ու Ան մեզի պատասխանեց «ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, այն բոլորը որ կատարեցիք այս իմ ամենափոքր եղբայրներուս ու քոյրերուս ինծի ըրիք», ահա թէ ուր է որ կը գտնենք Խաչուած Յիսուսը, այդ բռնութեան վերապրող մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մէջ, յարեց Աւստրալիոյ Եպիսկոպոսներուն նախագահը որ ապա հրաւիրեց իր եղբայրակիցները ջանք չի խնայելու ու ամէն ինչ ընելու՝ որպէսզի չարաշահումներու զոհերուն ապահովուի արդարութիւն ու բուժում. Զանոնք ունկնդրենք, հաւատանք անոնց խօսքերուն, քալենք անոնց հետ ու այնպէս ընենք որ անոնք որ չարաշահումի յանցանք գործեցին այլեւս կարելիութիւնը չունենան նոյնը կատարելու, զանոնք կոչելով հաշիւ տալու արդարութեան…«Մենք պէտք է մեր իշխանութեան յանձնուած ամէն բան կատարել որպէսզի անցեալի սարսափները չի կրկնուին եկեղեցւոյ մէջ» հաստատեց հուսկ գերապայծառ Քոլերիճը նկատել տալով որ այդ մէկը կատարելով «ոչ միայն  պիտի ճանչնանք Յարուցեալ Տիրոջ խաղաղութիւնը այլեւ մենք եւս պիտի դառնանք անոր խաղաղութիւնը՝ առաքութեան մը մէջ որ մեզ պիտի տանի մինչեւ  աշխարհիս կատարածը։

Գերապայծառ Քոլերիճը քարոզը աւարտեց հրաւիրելով իր եղբայրակից եպիսկոպոսներն ու կղերականները զոհի խորանին վրայ դնելու եկեղեցւոյ ձախողութիւնները, դաւաճանութիւնները, համայն հաւատքը, յոյսերն ու սէրը հանդէպ Յիսուս Քրիստոսին որ անմեղ օրէն զոհուեցաւ մեզի համար «Ան պիտի սրբէ արցունքները եւ այլեւս պիտի չ՛ըլլայ ոչ մահ, ոչ ցաւ, որ լաց» պարզապէս գիտնանք միաձայն այո ըսել Անոր – ըսաւ գերապայծառ Քոլերիճ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2019, 10:07