Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 23 փետրուարի թուիթը:

Ֆրանչիսկոս Պա շեշտը դրաւ երրորդ օրուայ կեդրոնական նիւթին վրայ՝ թափանցիկութիւնը:

Շաբաթ, 23 փետրուարին,  անչափահասներու պաշտպանութեան հայող եպիսկոպոսական երրորդ օրուան առթիւ՝  ֆրանչիսկոս Պապ, թուիթըրեան կայքին վրայ նոր գրառում մը կատարելով շեշտը դրաւ երրորդ օրուայ կեդրոնական նիւթին վրայ՝ թափանցիկութիւնը Աստուծմէ խնդրելով որ մեզ օգնէ մեր հայեացքը կեանքի էական բաներուն վրայ կեդրոնացնելու ինչպէս նաեւ ձերբազատուելու այն բոլոր իրողութիւններէն որոնք արգելք կը դառնան Քրիստոսի աւետարանին թափանցիկութեան

«Տէր մեր հայեացքը կեդրոնացուր էականին վրայ: Այնպէս մը ըրէ որ մերկանանք այն բոլոր բաներէն որոնք մեզ չեն օգներ Յիսուս Քրիստոսի աւետարանը թափանցիկ դարձնելու#PBC2019»: գրեց Սրբազան Պապը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2019, 13:00