Մանուկ զինուոր մը: Մանուկ զինուոր մը: 

Ֆրանչիսկոս Պապին 12 փետրուարի թուիթը: Մանուկ զինուորներու օգտագործման դէմ միջազգային օր:

Տակաւին շատ մը երկիներու մէջ կը շարունակուի մանուկ զինուորներ ներգրաւելու երեւոյթը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ծիրէն ներս, 2000 թուականին, 153 պետութիւններ ստորագրեցին ՄԱԿ-ի կողմէ առաջադրուած , մանուկները զինուած հակամարտութիւններուն մէջ ներգրաւումին դէմ համաձայնութիւն մը:

Հակառակ այդ համաձայնութեան տակաւին շատ մը երկիներուն մէջ կը շարունակուին մանուկ զինուորներ ներգրաւելու երեւոյթը: ֆրանչիսկոս Պապ բազմիցս անգամ այդ երեւոյթը նկատած է ողբերգական:

Երեքշաբթի, 12 փետրուարին, ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած մանուկ զինուորներուն օգտագործման դէմ միջազգային օրուան առթիւ, ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը,  որուն մէջ կոչ ուղղեց  դադրեցնելու մանուկներու դէմ գործուած այդ դաժան յանցագործութիւնը:

«Հազարաւոր մանուկներ, որոնք ստիպուած են պայքարելու ՝զինուած հակամարութիւններուն ժամանակ, թալանուած են իրենց մանկութենէն: Դադրեցնենք այս դաժան յանցագործութիւնը» գրեց ֆրանչիսկոս Պապ:
 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2019, 11:30