Տաքքայի մէջ հրդեհ Տաքքայի մէջ հրդեհ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը Տաքքայի մէջ հրդեհի մը պատճառած զոհերուն համար։

Հրդեհը բռնկուած էր 21 փետրուարի երեկոյեան շէնքի մը տակ գտնուող դիւրավար նիւթերու պահստարանի մը մէջ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 21 փետրուար 2019-ին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրով մը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պանկլատէշի Տաքքա քաղաքին մէջ մեծ հրդեհի մը պատճառած 80 է աւելի զոհերուն ի տես իր ցաւն ու զօրակցութիւնը արտայայտեց բոլոր վերապրողներուն ու զոհերու ընտանիքներուն ինչպէս նաեւ իր աղօթքները ապահովեցուց մեռեալներուն ու փրկարարական եւ շտապ օգնութեամբ զբաղող անձերուն։

Հրդեհը բռնկուած էր 20 փետրուարի երեկոյեան շէնքի մը տակ գտնուող դիւրավար նիւթերու պահստարանի մը  մէջ, որուն բերումով տեղւոյն վրայ փութացած են հրշէջները ու միայն առաւօտենա 3-ին կարողացած են մառել կրակը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2019, 09:00