Որոնել

 21 Յունուարին Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ստորագրուած նոր կանոնագիրքը ի զօրու կը դառնայ 16 փետրուար 2019-ին 21 Յունուարին Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ստորագրուած նոր կանոնագիրքը ի զօրու կը դառնայ 16 փետրուար 2019-ին  

Լոյս տեսաւ Վատիկանի «Գլխաւոր վերստուգիչի» նոր կանոնագիրքը։

21 Յունուարին Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ստորագրուած նոր կանոնագիրքը ի զօրու կը դառնայ 16 փետրուար 2019-ին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 9 փետրուար 2019-ին հրապարակուեցաւ Վատիկանի «Գլխաւոր վերստուգիչի» նոր կանոնագիրքը որով Սրբազան Քահանայապետը անոր կը շնորհէ «Կաշառութեան դէմ իշխանութեան» հանգամանք։

 21 Յունուարին Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ստորագրուած նոր կանոնագիրքը ի զօրու կը դառնայ 16 փետրուար 2019-էն սկսեալ Գլխաւոր վերստուգիչին շնորհելով աւելի մեծ իշխանութիւն՝ որպէսզի ան կարողանայ աւելի լաւ կերպով կատարել իր այդ պաշտօնը ու յատկապէս պայքարիլ կաշառակերութեան որեւէ մի ձեւի դէմ։

Վերահսկողութեան աշխատանքէն անդին «Գլխաւոր վերստուգիչը պարտականութիւնն ունի, խախտումներու յայտնաբերումի պարագային, տեղեակ պահելու Տնտեսութեան Խորհուրդը, Ֆինանսական տեղեկատուութեան գրասենեակը ու Վատիկանի Պետութեան Արդարադատութիւնը» գրուած է վերոնշեալ կանոնագիրքին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2019, 12:00