Որոնել

Հայր Հանս Զոլլներ Հայր Հանս Զոլլներ 

Հայր Զոլլներ ներկայացուց անչափահասներուն պաշտպանութեան հայող Վատիկանեան վեհաժողովը

Անչափահասներուն ողբերգական երեւոյթը դիմագրաւելու համար առաջին հիմնական քայլ կը նկատուի այդ երեւոյթին գիտակից դառնալը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 12 փետրուարին, մանկապղծութեան դէմ Վատիկանեան յանձնախումբի անդամ՝ Հայր Հանս Զոլլներ, լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին ներկայացուց, յառաջիկայ 21-24 փետրուար 2019-ին, Վատիկանի մէջ կայանալիք մանուկներու պաշտպանութեան հայող վեհաժողովին գլխաւոր կէտերը:
Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Հանս Զոլլներ, լրագրողներուն ուշադրութեան յանձնեց , որ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ անչափահասներուն 85 տոկոսը թիրախ են պատերազմներու,  սեռային բռնութիւններու եւ զինուած հակամարտութիւններու, երեւոյթ մը, որ խղճի դէմ ծանր յարուած մըն է, ըսաւ Ան:

Հայր Զոլլներ ապա նկատել տուաւ, որ ոչ մէկը կը խօսի այդ 85 միլիոն մանուկներուն մասին, հաստատելով, որ սոյն ողբերգական երեւոյթը դիմագրաւելու համար առաջին հիմնական քայլը,  այդ երեւոյթին գիտակից դառնալն է,  աւելցնելով, որ սա է  հիմնական եւ առաջնակարգ քայլը, ֆրանչիսկոս Պապին  շատ փափաքած, մանուկներուն պաշտպանութեան վեհաժողովին:
Հայր Զոլլներ ապա անդրադառնալով վեհաժողովի օրակարգին, դիտել տուաւ, որ սոյն վեհաժողովը հովիւներուն միջեւ հանդիպում մըն է,  որ առաջին անգամուան համար սեղանի շուրջ պիտի համախմբուին՝ միասին քննարկելու եկեղեցւոյ մէջ մանուկներուն պաշտպանութեան հարցը՝ համակարգուած ձեւով, որուն իր ներկայութիւնը պիտի ապահովէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը :

Հայր Զոլլների փոխանցմամբ  վեհաժողովի օրակարգը կ՝ընդգրկէ երեք հիմնական կէտեր.
Առաջին օրը՝քննարկումի նիւթ պիտի հանդիսանայ եպիսկոպոսին հովուական եւ իրաւական պատասխանատուութիւնը:
Երկրորդ օրը, անդրադարձ պիտի կատարուի, թէ եպիսկոպոս մը կամ հաստատութեան մեծաւոր մը.որուն հաշիւ պիտի ներկայացնէ մանուկներու պաշտպանութեան հայող գործընթացի առընչութեամբ:

Ի վերջոյ վեհաժողովի երրորդ օրը պիտի քննարկուի թափանցիկութեան եւ յստակութեան նիւթը. յստակութիւն՝ պետական իշխանութիւններուն եւ Աստուծոյ ժողովուրդին նկատմամբ, յարեց Հայր Զոլլներ,  որ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի աւարտին դիտել տուաւ, որ մանուկներու պաշտպանութեան համար,  բաւարար չեն օրէնքներու որդեգրումը, այլ այդ գործընթացին վաւեր օգնութիւն կը համարուի, սեռային բռնութեան թիրախ անհատները ունկնդրելը, ունկնդրութիւն մը, որուն հրաւիրուած են բոլոր եպիսկոպոսները եւ որ զայն պէտք են կատարել իրենց երկիրներուն մէջ:

«Ան որ կ՝անսայ այդ զոհերուն աղաղակին, չի կրնար անտարբեր մնալ», շեշտեց Հայր Զոլլներ աւելցնելով, որ «սա համայն եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները գիտակից դարձնելու հիմնական միջոցներէն մին է» ու նշելով,  թէ  հաւաքը «առիթ պիտի ըլլայ կարեւոր բան մը կատարելու»:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2019, 10:35