Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ պատուոյ շքանշանով պարգեւատրեց Տոքք Մուհամմատ Մահմուտ Ապտել Սալամին՝ Ալ Ազհար իմամին երբեմնի խորհրդատուն:

ֆրանչիսկոս Պապ մեծարեց Ալ Ազհար իմամի խոհրդատուն, Ալ Ազհար համալսարանի եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւններու ամրապդնման ծիրէն ներս անոր կատարած աշխատանքին համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 3 փետրուարին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն, Ալեսսանտրօ Ճիզոթին հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը “Commenda con Placca dell’Ordine Piano” պատուող շքանշանով պարգեւատրած է Ալ Ազհար իմամի երբեմնի խորհրդատու ՝տոքթ Մոհամմատ Մահմուտ Ապտել Սալամը, անոր միջկրօնական երկխօսութեան եւ Ալ Ազհարի համալսարանի եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութեան ամրապնդման ծիրէն ներս, կատարած գերազանց աշխատանքին համար:

Տոքթ Մահմուտ Ապտել Սալամին յիշեալ պատուոյ շքանշանի յանձնման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 26 մարտին՝ վատիկանի մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2019, 12:42