հիւանդապահ-հիւանդապահուիներ հիւանդապահ-հիւանդապահուիներ 

Հիւանդներուն համաշխարհային օրը կը նշուի Կալկադայի մէջ։

Հիւանդներուն համաշխարհային օրուան հանդիսութիւնները կ՝եզրափակուին 11 փետրուարին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

8-12 Փետրուար 2019-ին, Աշխարհի համայն թեմերուն մէջ կը նշուի, Լուրտի Տիրամօր տօնն ու հիւանդներուն համաշխարհային 27-րդ օրը:
Արդարեւ, Տիեզերական եկեղեցին, հետեւելով Բարի Սամարացիին օրինակին, այդ օրերուն յատուկ կերպով նեցուկ կը կանգին անկարներուն, տառապողներուն, փոխանցելով անոնց յոյսի, փրկութեան պատգամը:
Այս շրջագիծէն ներս, մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Փիթեր Ք.Ա Թուրքսոնին գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը հնդկաստան կը մեկնին իրենց մասնակցութիւնը բերելու Կալկադայի մէջ նշուելիք, հիւանդներու համաշխարհին օրուան եւ Լուրտի Տիրամօր տօնի առթիւ կազմակերպուած հանդիսութիւններուն:
Ծիրանաւորին գլխաւորած պատուիրակութեան նպատակն է Կալկադայի մէջ եկեղեցւոյ մօտիկութիւնն ու հոգածութիւնը փոխանցել տառապողներուն, աղքատներուն, մեկուսացեալներուն, հիմնուելով հիւանդներուն համաշխարհային օրուան այս տարուան պատգամին բնաբանին վրայ « ձրի առիք ձրի տուէք» (Մատթ10, 8) :
Կալկադայի մէջ Սուրբ Աթոռի պատուիրակութեան անդամները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն , առողջապահութեան հովուական ծառայութիւն նիւթով կազմակերպուած համագումարին , ապա կ՝այցելեն Կալկադայի Մայր Թերեզային դամբարանը ուր՝ ապա Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի ՝ ձեռամբ Կալկադայի թեմին արքեպիսկոպոսին:
Պատուիրակութեան անդամները կալկադայի մէջ կ՝այցելեն տեղական եկեղեցիներու հովանաւորութեան տակ գտնուող երեք բուժարանները՝ մատակարարուած Սիրոյ եւ աղքատներուն փոքրիկ քոյրեր միաբանութեան կողմէ:
Հիւանդներուն համաշխարհային օրուան հանդիսութիւնները կ՝եզրափակուին 11 փետրուարին- Պանտել Քաղաքին Սուրբ վարդարանի անուան մայր տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագին արարողութեամբ, զոր կը նախագահէ հիւանդներուն համաշխարհային օրուան , ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ անուանուած յատուկ ներկայացուցիչ ՝կարդինալ Փաթրիկ Տ Ռոզարիոն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2019, 12:48