Բորոտութեան ախտի դէմ պայքարի միջազգային օր Բորոտութեան ախտի դէմ պայքարի միջազգային օր 

Բորոտութեան ախտի դէմ պայքարի միջազգային օրուան պատգամը:

Սէրը ՝ բորոտի հիւանդութենէ տառապողներուն, ամենէն հիմնական կարիքներէն մին է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 27 յունուար 2019-ին, նշուեցաւ բորոտութեան հիւանդութեան դէմ պայքարի համաշխարհային 66-րդ օրը՝ հաստատուած 1954-ին, Ֆրանսացի հրապարակագիր եւ լրագրող՝ Ռաուլ Ֆոլլերոյի կողմէ:

Բորոտութեան ախտը անցեալի հիւանդութիւն մը չէ, անիկա բուժելի է ՝ արագ եւ համապատասխան բուժումի միջոցաւ :

Բորոտին հիւանդութիւնը կարող է առաջացնել մշտական եւ ծանր հաշմանդամութիւն ։ Յիշեալ հիւանդութիւնը ամէնէ շատ տարածուած է աշխարհի աղքատ երկիրներուն մէջ:

Ամէն տարի աւելի քան 200 հազար մարդիկ թիրախ են այս հիւանդութեան , որոնց շարքին բազմաթիւ մանուկներ:

Եկեղեցին իր պատմութեան մէջ միշտ խնամք տարած եւ նեցուկ կանգնած է բորոտի ախտէն տառապող անձերուն: Աշխարհի մէջ եկեղեցին այժմ խնամք կը տանի աւելի քան 640 բորոտներուն:

Բորոտութեան հիւանդութեան դէմ պայքարի միջազգային 66- րդ օրուան առթիւ , Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Քոտվօ Ափփիա հրապարակեց պատգամ մը որուն մէջ դիտել տուած է , որ սէրը ՝ բորոտի հիւանդութենէ տառապողներուն, ամէնէն հիմնական կարիքներէն մին է, ապա շե.տած , որ պէտք է վերջ դնել խտրականութեան եւ նախապաշարումներու, դիտել տալով որ որ ոչ մէկ հաստատութիւն կամ կազմակերպութիւն կրնայ փոխարիներ, սիրոյ եւ մարդկային կարեկցութիւնը՝ կիսելու համար հիւանդներու տառապանքները:

Կարդինալ Թուրքսոն նշած է նաեւ որ Յիսուսը, մեզի համար եղած է տիպար, բորոտի հիւանդութեան բուժումի համար: Յիսուսի՝ բորոտներուն հետ ունեցած հանդիպումi շարժառիթը, պէտք է այժմ ներշնչել բոլորս ՝՝եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ: :

Ան պատգամը աւարտած է ֆրանչիսկոս Պապի 15 փետրուար 2015-ի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին կատարած խորհրդածութենէ հատուածով մը «Աստուծոյ Ողորմածութիւնը կը գերազանցէ ամէն պատնէշ: Ատուած անձամբ է , որ կը մօտենայ ՝ վարակիչ հիւանդութենէ տառապողներուն՝ առանց յարգելու մօտիկութեան անվտանգութեան չափանիշերը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2019, 11:49