Գերապայծառ Փոլ Կալլաէր Գերապայծառ Փոլ Կալլաէր 

«Մարդկային իրաւունքներն ու միջ կրօնական երկխօսութիւնը խաղաղութեան ի նպաստ բանալի են» Գեր. Կալլակէր

Մարդու իրաւունքի խթանումն ու անոր պաշտպանութիւնը Միացեալ Ազգերու սիւներէն մին է

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի  Պետութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղար գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր,անցեալ երկուշաբթի 25 փետրուարին  Ժընեւի մէջ կայացած ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի 40րդ նիստին ընթացքին իր ելոյթին մէջ շեշտը դրած է մարդկային իրաւունքներու խթանման ու կրօններու միջեւ երկխօսութեան վրայ որպէս բանալի ի նպաստ խաղաղութեան ու աշխարհի  զարգացումին։

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Կալլակէր յիշեցուցած է որ մարդու իրաւունքի խթանումն ու անոր պաշտպանութիւնը Միացեալ Ազգերու սիւներէն մին է  եւ է նաեւ  այսօրուայ միջազգային յարաբերութիւններուն բարոյական հիմքը, թէեւ՝ նկատել տուած է ան, այսօր ականատես ենք «նոր իրաւունքներու» որոնք կը միտին «մարդ անհատի բնութիւնը մասնատել» ու առիթ կը դառնան մարդկութեան փլուզումին։

Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը հուսկ մտահոգութիւն յայտնած է ի տես կրօնի ազատութեան նկատմամբ տեղի ունեցած խախտումներուն,  կրօնի ազատութիւնը համարելով մարդու հիմնական իրաւունքներէն մին, որ պէտք է ճանչցուի ամէն մէկ անհատի։ Ան ապա այս ծիրէն ներս առաջարկած է որ կրօնի ազատութիւնը ու միջ կրօնական երկխօսութիւնը համարուին որպէս հիմնական պայմաններ՝ իրագործելու համար Համապարփակ Զարգացումին հայող  «2030 օրակարգը»։

«Եթէ կ՛ուզենք յաջողիլ ու իրագործել չորս տարի առաջ յանձն առած մեր յանձնառումը ու որոշումէն անցնիլ գործի՝ հարկաւոր է շրջանցել տնտեսութեան ու վիճակագրութեան ծաւալը ու նկատի առնել բարոյական, հոգեւոր ու կրօնական բնագաւառները, որոնք կարելի չէ անտեսել» ըսած է Գերապայծառ Կալլակէր մատնանշելով նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին ու Ալ Ազհարի Աւագ Ւմամին միջեւ անցեալ 3 փետրուարին ստորագրուած միասնական փաստաթուղթին, որուն համաձայն «երկխօսութիւնը, իրարահասկացողութիւնը, հանդուրժողականութեան մշակոյթի տարածումն ու միւսին ընկալումը եւ մարդոց միջեւ համակեցութիւնը, մեծապէս կը նպաստեն նուագեցնելու տնտեսական, ընկերային, քաղաքական եւ բնապահպանական հարցերը, որոնք կը կշռեն  մարդկութեան մեծ մասին վրայ»:

Սուրբ Աթոռի  Պետութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղարը իր զեկոյցին մէջ խօսած է նաեւ անչափահասներու պաշտպանութեան առումով Սուրբ Աթոռի յանձնառութեան մասին ու այդ ուղղութեամբ Սուրբ Աթոռին առած ու առնելիք քայլերու մասին անչափահասներուն ու դիւրաբեկ անձերուն ապահովելու համար անվտանգ վայր մը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2019, 09:16