Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Եկեղեցւոյ մէջ Անչափահասներու Պաշտպանութեան հաւաքի նախօրեակին. Դէպի յառաջ առնուող վճռական քայլ մը։

Կղերականներու կողմէ գործադրուած մանկապղծութիւններու վէրքին դէմ պայքարը Ֆրանչիսկոս Պապին համար առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եկեղեցւոյ մէջ Անչափահասներու Պաշտպանութեան հաւաքը որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ յառաջիկայ 21 – 24 փետրուար 2019-ին կը հանդիսանայ առաջինը  որ համաշխարհային գետնի վրայ կը ներգրաւէ բոլոր եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նախագահները ու կրօնական հաստատութիւններու պատասխանատուները։

Երկար ուղեւորութեան մը հանգրուան

Եկեղեցւոյ Հովիւներու աննախընթաց հանդիպում  մը որ ցոյց կու տայ թէ կղերականներու կողմէ գործադրուած մանկապղծութիւններու  վէրքին դէմ պայքարը Ֆրանչիսկոս Պապին համար առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ։

Ունկնդրել այդ պղծութիւններու զոհերը, գիտակից ու իրազեկ դառնալ հարցին, նոր կանոններ եւ ընթացակարգեր զարգացնել, ու կիսել բարի առաջարկներ։ Այս բոլորը մաս կը կազմեն յառաջիկայ օրերուն գումարուող հաւաքին նպատակակէտերուն։ Թէեւ այս մէկը մանկապղծութեան ախտին դէմ պայքարի Սուրբ Աթոռին ձերք բերած առաջին քայլը չէ ու զայն կարելի է համարել պատմական հանգրուան մը՝ այդ ուղղութեամբ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ուղեւորութեան, որ սկիզբ առած է 30 տարիներ առաջ, Գանատայի, Միացեալ նահանգներու, Իռլանդայի եւ Աւստրալիայի մէջ, ու տասը տարիէ ի վեր նաեւ Եւրոպայի մէջ։

Առաջին միջոցառումները ` Գանատա, ԱՄՆ, Իռլանդա եւ Աւստրալիա։

Ընթացք մը որուն շարունակութիւնը կը հանդիսանայ յառաջիկայ օրերուն հաւաքը։ Արդարեւ առաջին անգամուան համար եկեղեցական համակարգէն ներս անչափահասներու նկատմամբ սեռային բռնութեան հարցին շուրջ ու անոր դէմ պայքարի ուղղութիւններ հրապարակած է Գանատայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը 1987 թուականին, եւ 1989-ին կազմուած է՝ այդ հարցերը քննարկող  յատուկ յանձնախումբ մը որ 1992-ին հրապարակած է «Ցաւէն դէպի յոյս» փաստաթուղթը, որուն մէջ պարունակուած  էին «50 առաջարկութիւններ» ուղղուած կաթողիկէ եկեղեցւոյ  հաւատացեալներուն, եպիսկոպոսներուն, ու քահանաներու կազմաւորումով զբաղող պատասխանատուներուն, որպէս ուղեցոյց պայքարելու ու կանխարգիլելու այդպիսի պժգալի արարքներ։

Միացեալ նահանգներուն մէջ ապա եպիսկոպոսները առաջին անգամուան  համար հարցը կը դիմագրաւեն 1992-ին՝ թէեւ այդ ժամանակուան կանոններն ու ընթացակարգերը  բաւարար չեղան կասեցնելու երեւոյթը ու 2002 թուականին «Boston Globe»ի պատմական հետազօտութիւնը՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ մղեց այդ տարուայ ապրիլին Հռոմ կանչելու բոլոր կարդինալները միասին քննարկելու համար այդ հարցը։

1994-ին Իռլանդայի մէջ կը հիմնուի «Irish Catholic Bishops’ Advisory Committee on Child Sexual Abuse by Priests and Religious» յանձնախումբը։  Մանկապղծութեան կանխարգիլումի ու այդ հարցին հայող առաջին«ընթացակարգ» ը կը հրապարակուի Աւստրալիայի մէջ 1995 թուականին որ ի զօրու կը դառնայ 1997-ի մարտին։

Կանոնական նոր օրէնքներ

Սուրբ Աթոռը 21-րդ դարուն սկիզբէն ի վեր, յատկապէս շնորհիւ այդ ժամանակուայ Կարդինալ Ռացինկերի ջանքերուն, որ յետագային դարձաւ Պենետիկտոս ԺԶ Պապը, կը սկսի հարցին հայող կանոնական փոփոխութիւններու ընթացքը ու 2001-ին  Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հրապարակած «Sacramentorum sanctitatis tutela» քահանայապետական ինքնագիր նամակը անչափահասներու դէմ գործադրուած սեռային արարքները կը դասէ «ծանր ոճիրներու» շարքին, որուն քննարկումը կը վերապահուի Հաւատոյ Վարդապետութեան Ժողովին։

2010-ին Պենետիկտոս ԺԶ Պապը այդ առընչութեամբ հրատարակել կու տայ «ծանր ոճիրներու մասին նոր կանոնագիրքը»  որ աւելիով կը խստացնէ այդ յանցագործութեան դէմ առնուելիք որոշումները։

Ի տես ապա Իռլանդայի եկեղեցին հարուածող եկեղեցականներու կողմէ գործադրուած մանկապղծութեան հարցերուն՝ Պենետիրկտոս  ԺԶ Քահանայապետը, 2009-ին, Հռոմ կը կանչէ իռլանդացի եպիսկոպոսները ապա 2010-ին կը հրապարակէ հովուական թուղթ մը, որուն միջոցաւ կը պահանջէ դիմելու խիստ ու արդար որոշումներու ՝  ի պատասխան կղերականներուն կողմէ ձեռք բերուած «վստահութեան դաւաճանութեան»։ 2008 թուականէն սկսեալ Պենետիկտոս ԺԶ Պապը, ճամբորդութիւններու եւ այցելութիւններու առթիւ, կը սկսի հանդիպումներ ունենալ նաեւ մանկապղծութեան զոհերուն հետ, այն ինչ որ կը շարունակէ կատարել նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Հաւատոյ Վարդապետութեան Ժողովին հրաւէրը։

Անչափահասներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ առնուած այլ քայլերէն մին կը հանդիսանայ նաեւ հրաւէրը որ՝  2011 թուականին, Հաւատոյ Վարդապետութեան Ժողովը ուղղեց աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսական համահաւաք դասերուն,  թելադրելով շարադրել մանկապղծութեան հարցի քննարկումին հայող «ուղեցոյցներ» եւ առ ի նպաստ այդ ուղեցոյցներու  շարադրումին Սուրբ Աթոռը քաջալերեց Գրիգորեան համալսարանի մէջ՝ 2012 թուականին կազմակերպուած «դէպի բուժում ու վերանորոգում» բնաբանով միջազգային գիտաժողովը որուն արդիւնքով կը հիմնուի նաեւ «Մանուկներու պաշտպանութեան  կեդրոնը»  նպատակ ունենալով մասնագիտացած անձնակազմ վերապատրաստել՝ կանխարգիլելու համար մանկապղծութինները։

Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական Յանձնախումբ

Ֆրանչիսկոս Պապին այդ հարցը դիմագրաւելու առաջին կարեւոր քայլը եղաւ «Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական Յանձնախումբի» ստեղծումը ՝2013-ին,  որուն գործունէութեան արդիւնքներէն եղան նոր «ուղեցոյց»ի մը շարադրումը, նոր անուանուած եպիսկոպոսներուն կազմաւորումի դասընթացքներ մատուցելը ապա աղօթքի ու ծոմապահութեան օր մը առաջարկել մանկապղծութեան զոհերուն համար։

2016-ին Ֆրանչիսկոս Պապ՝ հրապարակեց ապա ինքնագիր նամակ մը որուն մէջ որոշում առնուեցաւ ոչ միայն դատապարտել այդ յանցանքը գործողները, այլեւ պաշտօնանկ ընել նաեւ այն բոլոր եկեղեցական պատասխանատուները որոնք «անփոյթ» գտնուեցան այդ հարցին նկատմամբ։

Պայքար չարաշահումի ու կղերապաշտութեան դէմ։ 

Իսկ Չիլէ կատարած հովուական առաքելութեան ծիրէն ներս, 2018-ի Յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապը դէմ յանդիման գտնուեցաւ Չիլէի Եկեղեցւոյ մէջ տարածուած մանկապղծութեան հարցին, ու նոյն տարուայ Մայիսին Հռոմ կանչեց Չիլէի բոլոր եպիսկոպոսները որոնք եռօրեայ ժողովէ մը ետք բոլորը միասին Սրբազան Քահանայապետին ձեռքերուն մէջ դրին իրենց հրաժարականը,  որուն յաջորդեց Ֆրանչիսկոս Պապին Չիլէի հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղած  նամակը՝ 2018-ի մայիսին մինչ 2018-ի օգոստոսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այլ նամակ մը յղեց համայն Աստուծոյ ժողովուրդին, որուն մէջ դատապարտեց ոչ միայն մանկապղծութեան հարցը այլ եկեղեցականներու կողմէ գործադրուած բոլոր չարաշահումները՝ ըլլան անոնք սեռային, ըլլան իշխանութեան ըլլան  խղճի, ոչ ըսելով կղերապաշտութեան։

Մտքերու ու սրտերու ապաշխարութիւն 

Ի վերջոյ անցեալ Յունուարին Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսներուն ուղղած իր նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը հաստատէ  թէ մանկապղծութեան պատճառաւ բացուած վէրքը չի պահանջեր միայն «նոր կազմակերպչական համակարգ»,  այլեւ «մտքերու ու սրտերու ապաշխարութիւն ու դարձ, աղօթելու դարձ ու դարձ նաեւ թէ ինչպէս մատակարարել դրամն ու իշխանութիւն եւ ապրիլ այդ հեղինակութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2019, 10:33