Կարդինալ Ճորճ Փել: Կարդինալ Ճորճ Փել: 

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի յայտարարութիւնը կարդինալ Փելի նկատմամբ դատավճիռին մասին:

Սուրբ Աթոռը կը միանայ, Աւստրալիոյ եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի նախագահին յայտարարութեան :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 26 փետրուարին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր ընդհանուր տնօրէն Ալեսանտրօ Ճիզոթթի, երեւան եկաւ յայտարարութեամբ մը, Աւստրալիոյ մէջ կարդինալ Փելլ նկատմամբ, առաջին ատեանին դատավճիռին մասին:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է
«Սուրբ Աթոռը կը միանայ Աւստրալիոյ եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի նախագահին յայտարարութեան, որ կը վերաբերի Աւստրալիոյ առաջին ատեանին ՝կարդինալ Ճորճ Փելին նկատմամբ դատավճիռին :

Տխուր եւ ցաւալի լուր մը,  որ հիասթափութիւն պատճառած է շատ մը անձերուն, ոչ միայն Աւստրալիոյ մէջ՝  իմանալով առաջին ատեանի Կարդինալ Փելի նկատմամբ դատավճիռը:

Ինչպէս նախապէս շատ մը առիթներուն հաստատած ենք կը վերահաստատենք Աւստրալիոյ դատական իշխանութիւններուն նկատմամբ՝ առավելագոյն յարգանքը:
Յանուն այս յարգանքին,  այժմ կը սպասենք բողոքարկման գործընթացին արդիւնքներուն, յիշեցնելով որ Կարդինալ Փել վերահաստատած է իր անմեղութիւնը եւ իրաւունք ունի պաշտպանուելու՝ մինչեւ վերջին աստիճան:
Սպասելով վերջնական դատավճիռին, կը միանանք աւստրալիայի եպիսկոպոսներուն՝ աղօթելու սեռային չարաշահումի թիրախ զոհերուն համար , վերահաստատելով մեր յանձնառութիւնը,  ամէն բան կատարելու, որպէսզի եկեղեցին ըլլայ ապահով տուն՝ բոլորին համար յատուկէն մանուկներուն եւ խոցելիներուն:

Արդարութեան գործընթացը երաշխաւորելու համար,  ֆրանչիսկոս Սրբազան հայրը կը հաստատէ նախազգուշական բոլոր միջոցները եւ մինչեւ փաստերու վերջնական գնահատումը, Կարդինալ Փելին կ՝արգիլէ իրականացնել հասարակաց որեւէ գործունութիւն եւ  որպէս կանոն, որեւէ ձեւով կապ հաստատելու անչափահասներու հետ:» նշուած է յայտարարութեան :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2019, 13:21