Որոնել

Սուրբ Պետրոսի տաճար Սուրբ Պետրոսի տաճար 

Վենեզուելլայէն պատուիրակութիւն մը Վատիկանի մէջ:

Հանդիպումի ընթացքին վերահաստատուած է ֆրանչիսկոս Պապին եւ Սուրբ Աթոռի մօտիկութիւնը Վենեզուելլայի ժողովուրդին նկատմամբ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 11 փետրուար 2019-ին, Վենեզուելլայէն ժամանած պատուիրակութիւն մը այեցլեց Վատիկանի Պետական քարտուղարութիւն: Այս մասին յայտնեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն՝ Ալեսսանտրօ Ճիզոթթին:
Հանդիպումի ընթացքին վերահաստատուած է ֆրանչիսկոս Պապին եւ Սուրբ Աթոռի մօտիկութիւնը Վենեզուելլայի ժողովուրդին նկատմամբ, յատուկէն բոլոր տառապողներուն: Ընդգծուեցաւ Սուրբ Աթոռի խոր մտահոգութիւնը ու տագնապի խաղաղ եւ արդար լուծում գտնելու հարկաւորութիւնը՝  տագնապալի ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարելու ի խնդիր,  յարգելով մարդկային իրաւունքները եւ որոնելով երկրին համայն բնակչութեան բարիքը՝  խուսափելով արիւնահոսութենէ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2019, 09:09