Որոնել

Կարդինալ Փել Կարդինալ Փել 

Կարդինալ Փելը բանտարկուեցաւ։

Ծիրանաւորը կը շարունակէ ինքզինք հռչակել անմեղ ու անոր փաստաբանը որոշած է առաջին վճիռին դէմ դիմում ներկայացնել։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մելպուրնի դատարանը,Կարդինալ Փելին դէմ անցեալ օր արձակած՝ անչափահասներու դէմ գործած չարաշահումներու մեղադրանքով վճիռէն ետք, որոշում կայացուց նաեւ զայն զրկել ազատութենէ՝ մինչեւ  դատավճիռը որ նախատեսուած է յառաջիկայ 13 մարտ 2019-ին։

Ունկնդրէ լուրը

Ծիրանաւորը  կը շարունակէ ինքզինք հռչակել անմեղ ու անոր փաստաբանը որոշած է առաջին վճիռին դէմ դիմում ներկայացնել։

Առ ի ապահովութիւն արդարութեան գործընթացին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատեց բոլոր կանխարգելիչ միջոցառումները որոնք առնուած էին Կարդինալ Փելին նկատմամբ, այսինքն մինչեւ դատարանի վերջնական վճիռը անոր արգիլել որեւէ հանրային առաքելութիւն ինչպէս նաեւ որեւէ շփում անչափահասներու հետ։

Երէկ երեկոյեան Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Ալեսաննտրօ Ճիզոթթի հաստատեց թէ Կարդինալ Ճորճ Փելը այլեւս Սուրբ Աթոռի Տնտեսական Քարտուղարութեան կառավարիչը չէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2019, 10:19