Որոնել

Կարդինալ Հումմես Կարդինալ Հումմես 

Կարդինալ Հումմես՝ մշակոյթներու արժէքաւորումը կը նպաստէ եկեղեցւոյ միութեան:

Ծիրանաւորը իր ելոյթին մէջ շեշտեց բազմազանութեան յարգանքի կարեւորութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

]Վերջ գտաւ Վատիկանի մէջ գումարուած, յառաջիկայ 6էն - 27 հոկտեմբեր 2019-ին Վատիկանի մէջ գումարուելիք Ամազոնեան տարածաշրջանին հայող եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսի նուիրուած գիտաժողովը որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին նաեւ Համ -Ամազոնեան եկեղեցական ցանցի (REPAM) նախագահ, Պրազիլցի Կարդինալ Քլաուտիօ Հումմես:

Ծիրանաւորը իր ելոյթին մէջ շեշտեց բազմազանութեան յարգանքի կարեւորութիւնը, նշելով որ իբրեւ եղբայրներ ու քոյրեր, եկեղեցւոյ մէջ պէտք է միասնաբար ընթանալ յարգելով բազմազանութեան երեւոյթը:
Ան ընդգծեց նաեւ մշակոյթներուն արժէքաւորումը, ոչ միայն արեւմուտքի ժողովուրդներու, այլեւ Ամազոնեան տարածաշրջանին բնիկ ժողովուրդներունը, այս հոլովոյթը նկատելով եկեղեցւոյ հարստութիւն, եւ ոչ թէ եկեղեցւոյ միութեան դէմ սպառնալիք, որովհետեւ լոկ մէկ մշակոյթով չէ կարելէ Աւետարանի հարստութիւնը ներկայացնել ըսաւ Ան :
Կարդինալ Հումմես իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ նաեւ անցեալին մէջ բնիկ ժողովուրդներուն հանդէպ եկեղեցւոյ գործած սխալներուն, դիտել տալով որ անցեալին մէջ եկեղեցին ուզած է բնիկ ժողովուրդներուն մշակոյթը արժէքաւորել նոյնացնելով զայն արեւմուտքին մշակոյթին, ու անտեսելով այդ բնիկ ժողովուրդներուն Աստուծոյ հետ ունեցած իրենց կապին աւանդութիւնը Այս ուղղութեամբ Ծիրանաւոր նշեց, թէ Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովէն ետք, եկեղեցին շատ լաւ հասկցաւ իր սխալը ու այժմ կը փորձէ շտկել զայն։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2019, 09:41