Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետը Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետը 

29 մայիսը յայտարարուեցաւ Սուրբ Պօղոս Զ Պապին ծիսական տօն։

Սուբր Պօղոս Զ Քահանայապետը խորաններու պատւոյն արժանացած է անցեալ 14 հոկետմբեր 2018-ին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 6 փետրուար 2019-ին, ֆրանչիսոկս Սրբազան Պապը Սուրբ Խորհուրդներու մատակարարման եւ Աստուածային պաշտամունքի ժողովի կողմէ որդեգրուած յատուկ հրամանագիրով հրահանգեց , որ Լատին եկեղեցւոյ ծիսական տօնացոյցին մէջ , 29 մայիսին նշուի Սուրբ Պօղոս Զ Պապին ծիսական տօնը :
«Նկատի առնելով Սուրբ Քահանայապետին սրբակեաց կեանքը՝ վկայուած գործերով ու խօսքերով Ֆրանչիսկոս Պապ ընդառաջելով Աստուծոյ ժողովուրդին փափաքներուն որոշեց որ Սուրբ Պօղոս Զ Պապին ծիսական տօնը նշուի 29 մայիսին:» Գրուած է Սուրբ Խորհուրդներու մատակարարման եւ Աստուածային պաշտամունքի ժողովի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Յայտնենք, թէ Պօղոս Զ Քահանայապետը խորաններու պատւոյն արժանացած է անցեալ 14 հոկետմբեր 2018-ին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2019, 12:51