Որոնել

Անչափահասներու Պաշտպանութեան Հաւաքի ներկայացումը Անչափահասներու Պաշտպանութեան Հաւաքի ներկայացումը 

Վատիկանի մէջ Անչափահասներու Պաշտպանութեան Հաւաքի ներկայացում։

Հաւաքին առթիւ Հռոմ պիտի ժամանեն նաեւ մանկապղծութիւննեու զոհ 10 անձինք որոնք իրենց վկայութիւնները պիտի ներկայացնեն ժողովականներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 18 փետրուար 2019-ին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացումը կատարուեցաւ Անչափահասներու Պաշտպանութեան հայող՝ 21 24 փետրուարին Վատիկանի մէջ գումարուելիք հաւաքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 190 եկեղեցականներ որոնցմէ 114 Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու ներկայացուցիչներ, 14 Արեւելեան Կաթողիկէ եկեղեցիներու հայրապետներ ու 15 այլ եպիսկոպոսներ, ապա 12 կրօնաւորներ, 10 կրօնաւորուհիներ. Հռոմի Քուրիայի 10 ներկայացուցիչներ, Կարդինալական Խորհուրդի հինգ անդամները ու այլ չորս անձնաւորութիւններ։

Երեք օր տեւող հաւաքին ընթացքին պիտի քննարկուին երեք գլխաւոր նիւթեր նախ Եպիսկոպոսներուն պատասխանատուութիւնը, ապա որու հաշիւ տալ երբ հարցեր տեղի ունենան հուսկ թափանցիկութիւն։

Աշխատանքային Նիստերը սկիզբ պիտի առնեն ամէն օր աղօթքով, ապա տեղի պիտի ունենան երկու զեկոյցներ, հուսկ հարցում պատասխան ապա լեզուային խմբակներու փոքր ժողովները։ Կէսօրէն ետք այլ զեկոյց մը պիտի կանխէ 11 լեզուային խմբակներու նիստը, հուսկ բոլոր ժողովականները դարձեալ պիտի համախմբուին ունկնդրելու համար լեզուային խմբակներու խօսնակներու զեկոյցները մինչ օրուան հաւաքը կ՛աւարտի աղօթքով ու մանկապղծութեան զոհի մը վկայութեամբ։

Հաւաքին բացումը պիտի կատարուի 21 Փետրատուի առաւօտեան ժամը 9-ին աղօթքով ապա մանկապղծութեան զոհերու վկայութեան տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ, հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապին բացման յորդորով։

23 փետրուարի երեկոյեան բոլոր մասնակիցները՝ հաւաքի վայր սիւնհոդոսական դահլիճէն կը փոխադրուին առաքելական պալատի «Ռեճճա» դահլիճ՝ ուր տեղի պիտի ունենայ ապաշխարանքի արարողութիւնը, իսկ 24 փետրուարին նոյն վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ բոլոր ժողովականներու համապատարագը որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի արտասանէ եզրափակիչ պատգամ մը։

Նշենք թէ հաւաքին առթիւ Հռոմ պիտի ժամանեն նաեւ մանկապղծութիւննեու զոհ 10 անձինք որոնք իրենց վկայութիւնները պիտի ներկայացնեն ժողովականներուն։

Յայտնենք նաեւ որ Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի եւ Հայաստանի, Վրաստանի ու Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2019, 08:39