Որոնել

Կարդինալ Մէքքրերիք Կարդինալ Մէքքրերիք 

Սուրբ Աթոռը կարգալոյծ կը հռչակէ Կարդինալ Մէքքերիքը։

Կարդինալ Մէքքրերիքը մեղադրուած է մանկապղծութեան ծանր յանցանքով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հաւատոյ  Վարդապետութեան Ժողովի մէկ յայտարարութեամբ նշուեցաւ թէ նախին Կարդինալ Թէոտոր Էտկար Մէքքէրիքը մեղաւոր ճանչցուեցաւ խոստովանանքի եւ վեցերորդ պատուիրանի դէմ գործած յանձանգներուն համար ըլլայ անչախահաս ըլլայ չաեահաս անհատներու հետ,  իշխանութեան չարաշահումի ծանրացուցիչ հանգամանքով:

Հաւատոյ  Վարդապետութեան Ժողովը կը նշէ թէ անցեալ 11 Յունուար 2019-ին,  Ժողովը վերջնական որոշում կայացուցած էր հայող Կարդինալ Մէքքրէրիքի քրէական դատին, որուն բերումով մեղադրուողը յատարարուած է մեղաւոր։ Այդ վճիռով  նախկին ծիրանաւորը կը հռչակուէր կարգալոյծ ու կը դասուէր աշխարհականներու կարգին։ Իսկ 13 Փետրուարի 2019-ին Հաւատոյ Վարդապետութեան Ժողովը քննարկելէ ետք մեղադրուողին պաշտպանակն դիմումը որոշեց վերահաստատել 11 Յունուարի որոշումը որ Կարդինալ Մէքքէրիքին փոխանցուեցաւ՝ 15 Փետրուար 2019-ին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը օրէնքի ուժով ճանչցաւ այդ որոշումի վաւերականութիւնը որով կը հաստատուի անոր վերջնական կիրարկումը։

Նշենք թէ Ուաշինկթընի երբեմնի Արքեպիսկոպոս՝ 88 ամեայ նախկին Կարդինալ Մէքքրերիքը մեղադրուած է մանկապղծութեան ծանր յանցանքով։

Անցեալ 6 Հոկտեմբեր 2018-ին Սուրբ Աթոռին հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը շեշտէր «թէ կարելի չէ հանդուրժել որ չարաշահումը եւ ոչ ալ անոր թաքուցումը » ընդգծելով այս ուղղութեամբ «բոլոր ուժերու միացումի հարկաւորութիւնը՝ պայքարելու համար այդ մանկապղծութեան ու չարաշահումներու ախտին դէմ՝ ըլլայ եկեղեցիէն ներս ըլլայ անորմէ դուրս, կանխարգիլելու նպատակով  այդպիսի ոճիրներու կիրարկումի շարունակութիւնը, անմեղներու եւ ընկերութեան խոցելի անհատներուն նկատմամբ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2019, 10:19