Լատերանեան Դաշնագիրի ստորագրութիւնը Լատերանեան Դաշնագիրի ստորագրութիւնը 

11 Փետրուար յիշարժան ու յատուկ տօներու թուական

11 Փետրուարին Վատիկանի Պետութեան ճանաչումին 90-րդ ամեակն է

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս մասնաւոր տեղ կը գրաւեն Աստուածամօր երեւումներու որոշ վայրեր, ինչպէս՝ Լուրտը ու ֆաթիման։ Երեւումը յայտնութիւնն է Աստուծոյ, կամ հրեշտակներուն կամ սուրբերուն, այս պարագային Աստուածամօր։

Այսօր կը յիշատակուի Լուրտի Տիրամօր առաջին երեւումին 161րդ ամեակը։ 
Բիրենեան լեռներու ստորոտը 1858-ին ''Լուրտը'' 5000 բնակչութիւն ունեցող աննշան քաղաք մըն էր։ Այդ տարուայ 11 փետրուարին, Պեռնատէթ անունով աղջնակ մը` Մասապիելի քարայրին առջեւ, կը տեսնէ Սպիտակ Զգեստով Տիկինը՝ որ Վարդարան կ՛աղօթէ։ 
14 փետրուարէն մինչեւ 4 մարտ տեղի կ՛ունենան 14 երեւումներ, իսկ 25 մարտին Տիկինը կը յայտնէ իր ինքնութիւնը ''Անարատ Յղացեալ''։ 1862-ի 18 յունուարին՝ քննիչ յանձնախումբը կու տայ որոշումը, ընդունելով՝ ''Երեւումներու Վաւերականութիւնը''։ 1966-ին՝ կը մատուցուի առաջին պատարագը եւ 1871-ին կը կատարուի ''Անարատ Յղութեան Եկեղեցւոյ'' օծումը։ 
Պերնատէթ Սուպիրու ծնած էր 1844-ին։ Հիւանդոտ, գրեթէ անուս, սակայն մաքուր հոգի մըն էր ան, ատակ` ունկնդրելու եւ փոխանցելու՝ ''Աստուածային պատգամը''։ Երեւումներէն ետք, ան կը քաշուի վանք ու կը նուիրուի կրօնաւորական կեանքին։ Կը վախճանի 1879-ին եւ կը սրբադասուի 8 դեկտեմբեր 1933-ին՝ Անարատ Յղութեան տօնին օրը։

11 Փետրուարին կը նշուի նաեւ  Հիւանդներու Համաշխարհային 27-րդ օրը, որ այս տարի յատուկ կերպով պիտի տօնախմբուի Կալկաթայի մէջ  որպէս բնաբան ունենալով «Ձրի արիք ձրի տուէք» (Մատթ. 10,8)։

11 Փետրուարին Վատիկանի Պետութեան ճանաչումին 90-րդ ամեակն է, շնորհիւ Իտալիոյ եւ Վատիկանի միջեւ ստորագրուած Լատերանեան Դաշնագիրին, այս թուականը յատկանշական է նաեւ որովհետեւ վեց տարիներ առաջ՝ ճիշդ այդ օրը՝ 11 փետրուար 2013-ին,  Պետնետիկտոս ԺԶ քահանայապետը աննախընթաց պատմական  քայլով մը հրաժարեցաւ Սուրբ Պետրոսի գահէն ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2019, 09:19