Աւետում Աւետում 

Ֆրանչիսկոս Պապին 22 Յունուարի թուիթը՝ «Աստուծոյ սիրոյն այո ըսելը երջանկութեան քայլ է»

«Ահաւասիկ Տիրոջ աղախինն եմ ես. Թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն»։

«Աստուծոյ սիրոյն այո ըսելը երջանկութեան առաջին քայլն է ու քայլ է նաեւ երջանկացնելու բազմաթիւ այլ անձեր»։  Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ 22 Յունուար 2019-ին հրապարակած թուիթը, ճիշդ նոյն օրը երբ Փանամայի մէջ ընթացք առաւ Երիտասարդներու համաշխարհային 34-րդ հաւաքը, որուն այս տարուայ բնաբանը քաղուած է Ղուկաս Աւետարանիչէն ու կը հայի Տիրամօր «Այո»ով Հրեշտակին տուած պատասխանին. «Ահաւասիկ Տիրոջ աղախինն եմ ես. Թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2019, 13:30