Որոնել

Փաօլօ Ռուֆինի, կառավարիչ Սուրբ Աթոռի հաղորդամիջոցներու բաժանմունքին։ Փաօլօ Ռուֆինի, կառավարիչ Սուրբ Աթոռի հաղորդամիջոցներու բաժանմունքին։ 

Ռուֆինի «Լրագրութեան մէջ պէտք է նախ հասկնալ՝ ապա եզրակացնել:»

Lրագրութեան մէջ պէտք է հրահանգել տեսնելու արուեստը՝ նախ քան բան մը պատմելը. նախ հասկնալ՝ ապա եզրակացնել:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանսայի մէջ բացումը կատարուեցաւ Սուրբ Ֆրանսուա Սալեզի նուիրուած միջազգային օրուան, որուն առթիւ ուշադրութիւնը կենդրոնացաւ լրագրութեան եւ կրօնական համոզումներու միջեւ եղած առընչութեան վրայ։

Հաւաքը կազմակերպուած է Սուրբ Աթոռի Հաղորդամիջոցներու բաժանմունքի, Կաթողիկէ Մամուլի Դաշնութեան եւ Signis կազմակերպութեան կողմէ։

Մօտ 30 երկիրներէ կը մասնակցին կաթողիկէ մամուլի մասնագէտներ, լրագրողներ, հրատարակիչներ եւ Եկեղեցւոյ հաղորդամիջոցներու պատասխանատուներ։
Ձեռնարկի բացման առթիւ ելոյթ ունեցաւ Տիար Փաոլօ Ռուֆինի, կառավարիչ՝ Սուրբ Աթոռի հաղորդամիջոցներու բաժանմունքին որ զեկոյցին մէջ ընդգծեց, թէ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներուն ուղղուած է «ճշմարտութեան խուզարկուներ» ըլլալու մարտահրաւէրը։

Ան ըսած է. «լրագրութեան մէջ պէտք է բան մը պատմելէ առաջ հարկաւոր է հասկնալ՝ ապա եզրակացնել. գիտնալ տեսնել երեւոյթէն ալ անդին, տեսնել այնպիսի բաներ որ ուրիշները չեն տեսներ. պատմել բաներ, որոնք ուրիշները չեն պատմեր. հասկնալ ժամանակի նշանները, ցանցի մէջ դնել այն բաները, որոնք ուրիշները կը մերժեն»։

Ռուֆինի աւելցուցած է, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ մեզ յարատեւօրէն կը հրաւիրէ մենք մեզի հարց տալու, թէ ինչպէս պէտք է հաղորդակցինք։ Սրբազան Պապը լրագրողները կ՚որակէ «լուրերու պահապաններ» եւ «ճշմարտութեան հետախուզողներ». Ան կը յորդորէ, որ կաթողիկէ մամուլը հարց տայ ինքն իրեն, «մեր հաղորդակցութիւնը արդեօք հաղորդութեան երջանի՞կ ապագայ մը կը սերմանէ, եւ կամ բախումներու եւ հակասութիւններու ողբերգական ապագայ մը՝ Աստուծոյ զաւակներուն միջեւ։
Ռուֆինի կը յիշեցնէ Սրբազան Պապի 2013 թուականի 13 մարտի զեկոյցը ուր ըսած է. «Ձեր աշխատանքին անհրաժեշտ է ուսումնասիրութիւն, զգայնութիւն, փորձառութիւն, ինչպէս շատ մը մասնագիտութիւններ, սակայն յատուկ ուշադրութիւն՝ ճշմարտութեան, բարութեան եւ գեղեցկութեան նկատմամբ»։ Ահա այս է, որ մեզ կը մերձեցնէ յատուկ կերպով, որովհետեւ Եկեղեցին անձնապէս ճիշտ ասոր համար գոյութիւն ունի՝ հաղորդելու ճշմարտութիւնը, բարութիւնը եւ գեղեցկութիւնը – ըսած է Ռուֆինի դիտել տալով որ «պէտք է յստակօրէն յայտնի ըլլայ, թէ մենք բոլորս կոչուած ենք ոչ թէ մենք մեզ

Փաօլօ Ռուֆինի ապա հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով հաղորդամիջոցներու եւ լրագրութեան ու լրատուութեան խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն շեշտած է, «թէ լաւ լրագրութիւնը պէտք է միշտ ըլլայ ճշմարտութեան հետախուզում»։ Ան նկատած է, թէ լրագրութիւնը շատ անգամ եղծուած է սխալ համոզումներով եւ նախապաշարումներով։

Լաւ լրագրութիւնը պէտք է զգուշանայ այն համոզումէն, թէ կրնանք եզրակացութիւնը անմիջապէս գտնել, առանց հետախուզական աշխատանքի։

Շատ անգամ մեր լրագրութիւնը կը մնայ շատ մակերեսային։ Քրիստոնեայ կամ կաթողիկէ լրագրութիւնը պէտք է միացնէ, մինչ այն լրագրութիւնը որ կը ստեղծէ բաժանում, կորսնցնելով իրականութեան բարդ կառոյցի պատկերը, կը կորսնցնէ նաեւ ճշմարտութիւնը»

Անդրադառնալով ճշմարտութեան հարցին, Ռուֆինի կը շեշտէ, թէ պէտք է ուշադիր ըլլանք որ բոլորս, ի՛նչ մշակոյթի կամ կրօնի ալ պատկանինք, թոյլ չտանք, որ մեր ինքնութիւնը չարաշահուի, չվերածուինք բախումներու գործիքի։
Ռուֆինի կրկին անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապի մէկ արտայայտութեան, կը յիշեցնէ, թէ պէտք չէ այնքան լեցուինք մենք մեզմով, որ միջոց չմնայ լսելու ուրիշները. հետեւաբար կարեւոր է բաժնեկցիլը ուրիշներու հետ ինչպէս կը տեսնենք քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ։
Վերջապէս, անդրադառնալով Վատիկանի մամուլին, Ռուֆինի էական կը նկատէ որ լաւ լրագրութիւնը համեստ է, համոզուած ըլլալով որ ճշմարտութիւնը հետախուզում է։ Ան կ՚աւելցնէ. «Կը հաւատամ թէ լաւագոյն ձեւը որ մենք լաւ լրագրողի լաւագոյն վկայութիւնը կրնանք տալ, երբ կ՚ընկալուինք իբր ճշմարտութեան հետախուզողներ, եւ ոչ թէ փակուած մեր աշխարհին մէջ, որ ճշմարտութեան հետ երկխօսութեան մէջ չի մտներ։»
Հարցազրոյցի աւարտին, Ռուֆինի կ՚անդրադառնայ կաթողիկէ լրագրութեան դէմ կանգնած մարտահրաւէրներուն անգամ մը եւս յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապի Փանամայի մէջ կատարած արտայայտութիւնները ու կը նկատէ, թէ մեր պարտականութիւնն է որ հաղորդակցութեան ցանցը չվերածուի սարդոստայնի կամ թակարդող ցանցի, այլ ցանցի մը որ կ՚ազատէ եւ կարելիութիւնը կը բանայ մերձենալու անհատներու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2019, 13:54