Որոնել

Երանելի Մարկարիթա Պայս Երանելի Մարկարիթա Պայս 

Եկեղեցին պիտի ունենայ նոր Սրբուհի մը, 14 երանելիներ եւ երկու Աստուծոյ Աղախիններ ։

Երանելի Մարկարիթա Պայս կը դասուի Սուրբերու շարքին:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 15 Յունուար 2019-ին, իր գրասենեակին մէջ ընդունելով Սուրբերու Դատի Ժողովին կառավարիչը՝ Կարդինալ Անճելօ Պեչչուն հրաման տուաւ հրապարակելու Սուրբերու Դատին հայող հետեւեալ հրամանագիրերը.

Երանելի Մարկարիթա Պայսին բարեխօսութեամբ իրագործուած հրաշքին ի տես, Երանուհին կը դասուի Սուրբերու շարքին։  Ան ծնած է 8 սեպտեմբեր 1815-ին, Ֆրիպուրկ քաղաքի մօտ գտնուող գիւղաքաղաքի մը մէջ։ Մաս կը կազմէր Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի աշխարհական կարգին։ Ան՝ կրօնի դասատու,  իր բոլոր կեանքը ապրեցաւ խոնարհութեամբ։ Ուրիշ սուրբերու նման արժանացաւ նաեւ իր մարմնին վրայ կրելու Յիսուսին հինդ վէրքերը։ 8 դեկտեմբեր 1854-ին մինչ Պիոս իններորդ Պապը  Անարատ Յղութեան Վարդապետութիւնը կը հռչակէր, հրաշքով բուժուեցաւ աղիքային քաղցկեղէն։ Մահկանացուն կնքեց 27 Յունիս 1879-ին ու Երանելի հռչակուեցաւ 1995-ին։

Նոր երանելիներու շարքին են ապա Աստուծոյ Աղախին, «Dio Maria del Carmen» ու անոր 13 միաբանակիցները, որոնք իրենց հաւատքին համար նահատակուեցան Սպանիայի մէջ 1936-ին։  Իսկ Աստուծոյ Աղախին կը դառնան Լեհ Աննա Քավորէքը, ծնած 18 Յունիս 1872-ին ու մահացած 30 դեկտեմբեր 1936-ին եւ Մարիա Սոլետատ Սայուրյօ Սանթոսը Փորթորիքացի՝ Մայրապետ ծնած 15 նոյեմբեր 1892 ու մահացած 23 ապրիլ 1973-ին.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2019, 08:29