Որոնել

Աղօթք Աղօթք 

«Աղօթելու առաջին քայլը հեզութիւնն է» Ֆրանչիսկոս Պապին 11 Յունուարի թուիթը։

«Աղօթելու առաջին քայլը խոնարհ ըլլան է, երթալ Հօր մօտ ու ըսել «Նայէ ինծի, մեղաւոր եմ»։

Ուրբաթ 11 Յունուար 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ նշեց թէ աղօթելու առաջին քայլը կը կայանայ հեզ ըլլալուն մէջ. Մեր երկնաւոր Հօր դիմել ըսելով «Ահաւասիկ եմ, նայէ ինծի մեղաւորիս»։ Եթէ այս մէկը կատարենք  «Տէրը մտիկ կ՛ընէ» կը հաստատէ Սրբազան Հայրը։

«Աղօթելու առաջին քայլը խոնարհ ըլլան է, երթալ Հօր մօտ ու ըսել «Նայէ ինծի, մեղաւոր եմ»։ Եւ  Տէրը մտիկ կ՛ընէ» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը 11 յունուար 2019-ին հրապարակած թուիթին մէջ։

Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը չորեքշաբթի օրուայ վերջին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւններու որպէս խորհրդածութեան նիւթ ընտրած է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին իր աշակերտներուն սորվեցուցած Տէրունական աղօթքը՝ Հայր Մերը։ Վերոնշեալ գրառումը արդարեւ քաղուած է 5 դեկտեմբեր 2018-ին Հայր Մեր աղօթքի մասին ներկայացուցած  խորհրդածութենէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2019, 13:30