Որոնել

Վենեզուելլայի մէջ ցոյցեր Վենեզուելլայի մէջ ցոյցեր 

Քահանայապետը մօտէն կը հետեւի Վենեզուելլայի կացութեան ու կ՛աղօթէ բնակչութեան համար։

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէնի յայտարարութիւնը:

Ռոպէր Աթթարեան -- Վատիկան

«Ֆրանչիսկոս Պապը մօտէն կը հետեւի Վենեզուելլայի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակի զարգացումներուն ու կ՛աղօթէ զոհերուն ու բոլոր Վենեզուելլայի բնակչութեան  համար. Սուրբ Աթոռը աջակից է քաղաքացիներուն այլ տառապանք խնայող բոլոր ջանքերուն»։ Հաստատած է Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէնը Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի Փանամայէն, ուր կը գտնուի Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, ԵՀՕ հաւաքին առթիւ։

Երկրին մէջ լարուածութիւնը սրացած է ի տես Վենեզուելլայի Ազգային Ժողովի Նախագահ Խուան Կուայտոյի երկրին նախագահ ինքնա-հռչակումին, մինչեւ նոր ընտրութիւններ։ Ան կը վայելէ Միացեալ Նահանգներու ու Եւրոմիութեան աջակցութիւնը, մինչ Մատուրօ Նախագահին կողքին են Թուրքիան, Ռուսիան, Չինաստանը, Սուրիան եւ Իրանը, ապա Քուպան, Պոլիվիան եւ Նիքարակուան։

23 Յունուարին տեղի ունեցած բողոքներու ընթացքին մահացած են 16 անձեր։ Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղար՝ Մաղք Փոմփէօ այս ուղղութեամբ յայտարարած է թէ «երկխօսութեան ժամանակը վերջացած է. Նիքոլաս Մատուրոյի կառավարութիւնը անօրէն է ու Ամերիկայի Նահանգներու կազմակերպութեան բոլոր անդամները պէտք է ճանչնան Խուան Կուայտոյի Վենեզուելլայի ժամանակաւոր նախագահի  հանգամանքը»։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը կոչ ուղղած է` Վենեզուելայի մէջ «աղէտ» մը կանխարգիլելու համար երկխօսութիւն կատարելու: Մինչ Եւրոպական Միութիւնը իր կարգին կոչ ուղղեց` ականջ տալու վենեզուելացի ժողովուրդին ձայնին եւ ազատ ու հաւաստի ընտրութիւններ կատարելու:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2019, 19:00