Վարդարանի լուսանկար Վարդարանի լուսանկար 

Փանամայի համար մէկ միլիոն վարդարան՝ շինուած սուրբ երկրի մէջ:

Մէհ միլիոն վարդարաններ՝ Փանամայի երիտասարդաց համաշխարահային հաւաքի մասնակիցներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Տառապող եկեղեցւոյ Օգնութիւն» քահանայապետական բարեսիրական հիմնարկի կողմէ տրամադրուած , նիւթական օգնութեան շնորհիւ, Բեթղեհէմի մէջ իրականացուած են ձիթապտուղի փայտէ շինուած աւելի քան մէկ միլիոն վարդարաններ, որոնք պիտի բաշխուին Փանամային երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքի մասնակիցներուն:

Այս մասին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, Քահանայապետական բարեսիրական հիմնարկը կը նշէ, թէ վարդարաններու իրականացումի ծրագիրին նպատակն է նպաստել Յիսուսի ծննդավայրի մէջ քրիստոնեաներուն ներկայութեան, դիտել տալով աւելի քան 350 հազար քրիստոնեաներ, Բեթղեհէմ քաղաքէն հեռացած են, 1948-ին Իսրայէլի պետութեան ստեղծումէն ետք: Հեռացումի պատճառներէն է նաեւ տնտեսական տագնապը ինչպէս նաեւ անգործութիւնը՝ կապուած սուրբ առարկաներուն արտադրման նուազեցման:

Ձիթապտուղի փայտէ շինուած վարդարաններու իրականացման համար աշխատած են աւելի քան 200 ընտանիքներ նշուած է հաղորդագրութեան մէջ դիտել տալով որ վարդարաններու իրականացման ծրագիրը, աւանդութիւն մըն է՝ ժառանգուած 15 դարու Ֆրանչիսկեան հայրերու կողմէ, որոնց համար նիւթական նպաստ հայթայթելու կարեւորագոյն միջոցներէ մին է:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ ինչպէս նախորդ երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքներու այս տարի եւս տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հիմնարկը նիւթական նպաստով կ՝աջակցի է Փանամային հաւաքի զանազան ծրագիրներուն։ Արդարեւ՝ բարեսիրական հաստատութիւնը այս տարի տրամադրած է 430000 եւրօ որուն շնորհիւ Փանամայի մէջ պիտի բաշխուին հազարաւոր Եուքաթի գիրքեր զանազան լեզուներով եւ պիտի հոգած զանազան թեմերէն ժամանող երիտասարդներուն ճամբորդութեան ծախսերը :

Փանամայի թեմի արքեպիսկոպոսը Գերապայծառ Խօսէ Տոմինկօ Ուլլոա Մենտիեթա մեկնաբանելով տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն վարդարաններ շինելու ծրագիրի ըսած է «Սուրբ Երկրին մէջ Վարդարաններ իրականացնելու ծրագիրը էական է որովհետեւ , մէկ կողմէ աղօթքի քաջալերանք կը հանդիսանայ միւս կողմէ կը նպաստէ Սուրբ Երկրի մէջ մեր եղբայրներու եւ քոյրերուն զօրակցութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2019, 11:14