Որոնել

Փանամայի  հանրապետութեան նախագահը Փանամայի հանրապետութեան նախագահը 

Փանամայի նախագահ Վարելա .«բոլորս պատրաստ եւ ուրախ ենք հիւրընկալելու ֆրանչիսկոս Պապը»

«Փանամային ժողովուրդին համար մեծ ուրախութիւն է, իրենց երկրին մէջ հիւրընկալել Սրբազան Հայրը»:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Փանամայի երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքին նախապատրաստական աշխատանքները արդէն հասած են իրցնց աւարտին: Ի տես Լատին Ամերիկիոյ տարածաշրջանին մէջ կայանալիք աննախադէպ երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքի առաջին ձեռնարկին, -Փանամային հանրապետութեան նախագահ Տիար Խուան Քարլոս Վարելա Ռոտիրկէզ՝ ընկերակցութեամբ իր կողակիցին ու զաւակներուն մօտէն հետեւած են յիշեալ ձեռնարկի բովանդակ նախապատրաստական աշխատանքներուն՝ ձեռնարկի յաջողութեան համար ինչպէս նեաւ լաւագոյն ձեւով հիւրընկալելու Լատին Ամերիկիոյ ցամաքամասէն ընտրուած առաջին Քահանայապետը, որ կայցելէ իր ծննդավայրին ցամաքամասին մաս կազմող երկիր մը ՝ Փանաման :
Այս մասին յայտնած է Փանամային նախագահը՝ Վատիկան Նիւզ Սուրբ Աթոռին պաշտօնական կայքին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին:
«Փանամային ժողովուրդին համար մեծ ուրախութիւն է , իրենց երկրին մէջ հիւրընկալել Սրբազան Հայրը» ըսած է նախագահը աւեցնելով որ մեծ պատիւ է , Երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքի կազմակերպութիւնը յանձնել է Փանամայի՝ հաւատարիմ, ազնիւ, յոյսով եւ հաւատքով լի ժողովուրդին:
Ան ապա յայտնած է , թէ 2009 թուականէ վեր, երբ Փանաման կը պատրաստուէր նշելու, Սանթա Մարիա Անթիկուա թեմի հիմնադրման 500 ամեակը , Փանամայի ժողովուրդը կ՝երազէր Պապին այցելութիւնը Փանամա, ապա այդ երազը , տարիներու ընթացքին կամաց Կամաց իրականացուած է շնորհիւ բազմաթիւ բարի մարդոց ջանքերուն:
Նախագահը ապա Փանամա երկրին համար մեծ օրհնութիւն նկատած է ոչ միայն Ֆրանչիսկոս Պապին հովուական այցելութիւնը այլ այն իրողութիւնը , Փանամայի մէջ երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքին ձեռնարկին միջոցաւ Փանաման դարձեալ միջնորդի եւ կամուրջ կառուցելու դերկակատադը կը դառնայ ՝ազգերու եւ մշակոյթներու միջեւ, ինչպէս նաեւ հանդիպումի եւ մեկնարեկու վայրը, ուրկէ ֆրանչիսկոս Պապին պատագմը պիտի փոխանցուի երկագունդի բոլոր ծագերուն, յայտնած է նախագահը:
Ինչ կը հային հաւաքի նախապատրաստական աշխատանքներուն, Փանամայի նախագահ յայտնած է թէ Փանաման երկու տարիէ ի վեր պատրաստութիւն կը տեսնէ, որպէսզի Փանամային մէջ աշխարհի բոլոր երիտասարդները լիուլի կարենան ապրիլ ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումը եւ հազարաւոր անձեր կարենան բաժնեկցիլ իրենց աւելի լաւ աշխարհ մը ունենալու իղձը:
Նախագահ ակնարկած է Փանամային ազգային պետութեան կողմէ ստեղծուած ՝ Երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքի կազմակերպման աջակցութեան գործադիր տնօրինութեան աշխատանքներուն , ան շնորհակալութիւն յայտնած է կոմիտէին հազարաւոր անդամներուն, հաստատելով որ ամէն ինչ պատրաստ վիճակի մէջ է ապահով կերպով ընկալելու զբօսաշրջիկներն ու ուխտաւորները՝ ըլլայ առողջապահական ըլլայ կազմակերպչական ու անվտանգութեան գետնի վրայ :
Հարցազրոյցի աւարտին Փանամային նախագահը ըսած է թէ, ինք ինքզինք հպարտ կը զգայ , որ Փանաման մի քանի օրերու տեւողութեամբ աշխարհի սիրտը պիտի հանդիսանայ , ուրկէ պիտի սփռուի ֆրանչիսկոս Պապին: յոյսի, միութեան, զօրակցութեան պատգամը:
Ամէնքս պատրաստ ու երջանիկ ենք, ֆրանչիսկոս Պապը, ուխտաւորներն ու զբօսաշրջիկները հիւրասիրելու համար ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք որ որոնք կ՝ուզեն ճանչնալ մեր երկիրն ու մշակոյթն եւ բոլոր անոնց որոնք իրենց երկիներուն ժողովուրդներուն կ՝ուզեն փոխանցել այս հանդիպումի ուրախութիւնը :Ըսած է Փանամայի հանրապետութեան նախագահը, Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած հարցազրոյցի աւարտին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2019, 15:30