բնիկ երիտասարդներէ առնուած լուսանկար բնիկ երիտասարդներէ առնուած լուսանկար 

կը մեկնարկէ բնիկ երիտասարդներուն համաշխարհային առաջին հաւաքը:

բնիկ երիտասարդներուն հաւաքի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան 1000 երիտասարդներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Փանամայի երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքի ծիրէն ներս, հինգշաբթի, 17 յունուարին կը մեկնարկէ բնիկ երիտասարդներուն համաշխարհային առաջին հաւաքը:

Փանամայի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ՝ Խօսէ Տոմինկօ Ուլոա-ի փոխանցմամբ, բնիկ երիտասարդներուն հաւաքի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան 1000 երիտասարդներ՝ կիսելու համար, տարբեր երկիրներէ ժամանած երիտասարդներու հետ միասին, հազարմեայ մշակութային փորձառութիւնն ու քրիստոնէական յոյսը:

Բնիկ երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքի յայտագիրը կ՝ընդգրկէ աղօթի պահեր, Փանամայի մէջ զանազան քաղաքներու եւ գիւղերու այցելութիւններ: Յայտագիրին մէջ լայն տեղ կը տրամադրուի, ստեղծագործութեան շահագործումի դէմ եւ հողերու ու երկիրներուն պաշտպանութեան յանձնառու հասակից երիտասարդներուն միջեւ վկայութիւններու ունկնդրութեան:

Յայտնենք թէ Փանամայի բնիկ երիտասարդներու համաշխարհային հանդիպումը, պտուղն է Քրաքովիաի երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքի ժառանգութեան ՝ ներշնչուած, ֆրանչիսկոս Պապի այդ հաւաքի ընթացքին, երիտասարդներուն ուղղած հրաւէրէն, որ է , յիշել ոչ միայն անցեալը, այլ ներկայի մէջ ունենալ քաջութիւնը եւ յոյսի աղբիւր դառնալ ապագային համար:

Նշենքնաեւ որ բնիկ երիտասարդներու հաւաքի նշանաբանին մէջ ներկայացուած է յարդէ շինուած խրճիթ մը , որ կը նկատուի բազմաթիւ բնիկ ժողովուրդներուն աւանդական բնակարանը. եւ կը խորհրդանշէ հասարակութիւն մը , որ խաչը կրած կը միանայ Քրիստոսի ուղեւորութեան:

Նշանաբանին մէջ ներկայացուած են քաքաօ եւ մայիս միրգերը-- որոնք սուրբ պտուղներ կը նկատուին հարաւային Ամերիկայի բազմաթիւ ժողովուրդնեդերուն համար: Մինչ Քամելեոն կենդանին հրաւէր կը հանդիսանայ, յարգելու Աստուծոյ բովանդակ ստեղծագործութիւնը իր մեծ բազմազանութեան մէջ:

Բնիկ երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքի պատասխանատու եպիսկոպոսներն ու երիտասարդները յաճախ անդրադարձած են հաւաքի ձեռնարկի կարեւորութեան նշելով թէ անիկա կը կայանայ Ֆրանչիսկոս Պապին Գովեալ Ըլլաս շրջաբերական թուղթին եւ վերջերս երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսի լոյին ներքոյ:

Նշենք նաեւ թէ բնիկ երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքը պատրաստութիւն է Վատիկանի մէջ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն կայանալիք Ամազոնեան տարածաշրջանի Սիւնհոդոսին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին բնիկ ժողովուրդներուն դիմագրաւած հաւատքի մարտահրաւէրները, ապրած դժուարութիւնները- սպառնալիքներն ու անոնց սպասումները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2019, 12:49