Փանամայի երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքը Փանամայի երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքը 

Փանամայի Երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքին նախատեսուած են աւելի քան 200 հազար երիտասարդներ:

Աշխարհի 155 տարբեր երկիրներէն աւելի քան 200 հազար երիտասարդներ պիտի մասնaկցին երիտասարդաց 34-րդ հաւաքին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 22-էն – 27 յունուար 2019-ին, Փանամային մէջ տեղի պիտի ունենայ երիտասարդներուն համաշխարհային 34-րդ հաւաքը, մասնակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին:

Յիշեալ հաւաքին , աւելի քան 37 հազար երիտասարդներ արդէն ապահովուած են իրենց մասնակցութիւնը եւ այլ աւելի քան 167 հազար երիտասարդներն մօտ օրէն պիտի հաստատեն իրենց ներկայութիւնը։ Արդարեւ աշխարհի 155 տարբեր երկիրներէն աւելի քան 200 հազար երիտասարդներ պիտի մասնaկցին երիտասարդաց 34-րդ հաւաքին:

Փանամային երիտասարդներուն հաւաքի կանխող օրերուն՝ 16-էն 19 յունուար 2019-ին, տեղի պիտի ունենայ աշխարհի հինգ ցամաքամասերէ ժամանած աւելի քան 1000 բնիկ երիտասարդներու հաւաքը- որուն աւարտին, անոնք պիտի միանան նաեւ ընդհանուր հաւաքին:

Փանամայի Երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքի կազմակերպիչ կոմիտէի յատուկ բանբեր՝ Տիար Ճանքարլօ Քանտաենտոօ խօսելով հաւաքի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին ընդգծած է աղօթքի կարեւորութիւնը՝ հաւաքի լաւ պատրաստութեան ու յաջողութեան համար, դիտել տալով որ փանամայի երիտասարդաց հաւաքը մեծ մարտահրաւէր մըն է Փանամայի փոքրիկ ազգին համար եւ կարելիէ չէ մոռնալ ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքը թէ «երիտասարդներու սոյն հաւաքը ոչ միայն Փանամայի երկրին պատասխանատուութիւնն է, այլեւ համայն կեդրոնական Ամերիկիայի եւ եպիսկոպոսներուն պատասխանատուութիւնը»

Երիտասարդներուն հաւաքի բանբերի փոխանցմամբ Փանամայի կառավարութիւնը , պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, երիտասարդներուն հաւաքի կազմակերման համար տրամադրած է յատուկ մատակարարական կառոյց մը:

Յայտնենք թէ երիտասարդաց հաւաքի մասնակիցներուն պիտի բաշխուի Բեթղեհէմի աղքատ ընտանիքներու կողմէ պատրաստուած փայտէ վարդարան մը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2019, 09:52