Փանամայի ԼԱ ԱՆԹՒԿՈԻԱ Տիրամօր արձանը Փանամայի ԼԱ ԱՆԹՒԿՈԻԱ Տիրամօր արձանը 

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը. «Կը մեկնիմ Փանամա»։

Չորեքշաբթի 23 Յունուար 2019-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնեցաւ դէպի Փանամա

Չորեքշաբթի 23 Յունուար 2019-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախ քան Փանամա առաջնորդող օդանաւ բարձրանալը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հաւատացեալները հրաւիրեց աղօթելու ԵՀՕ հաւաքին համար «որ գեղեցիկ ու կարեւոր է Եկեղեցւոյ ուղեւորութեան համար» շեշտեց Սրբազան Հայրը։

«Կը մեկնիմ Փանամա Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն համար. Կը խնդրեմ որ աղօթէք այս շատ գեղեցիկ ու Եկեղեցւոյ ուղեւորութեան մէջ կարեւոր նախաձեռնութեան համար» գրեց Նորին Սրբութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2019, 09:00