«Հռոմի Ժողովուրդի փրկութիւն» Տիրամայրը «Հռոմի Ժողովուրդի փրկութիւն» Տիրամայրը  

«Հռոմի Ժողովուրդի փրկութիւն» Տիրամայրը՝ Մայր ԵՀՕ հաւաքին։

Այսօր սկիզբ կ՛առնէ Փանամայի ԵՀՕ հաւաքը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ահաւասիկ Տիրոջ Աղախինն եմ ես թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն». Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած այս հատուածը որպէս  կարգախօս ունենալով այսօր՝ 22 Յունուար 2019-ին Փանամայի մէջ սկիզբ առաւ Երիտասարդութեան Համաշխարհային 34-րդ հաւաքը, որուն յառաջիկայ օրերուն պիտի միանայ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ որուն փակումը նախատեսուած է յառաջիկայ 27 յունուար 2019-ին։

ԵՀՕ հաւաքը սկիզբէն ի վեր ունեցած է իր յատուկ խորհրդանիշը զոր երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը յանձնած էր երիտասարդներուն, 1984-ին, Վատիկանի մէջ կայացած առաջին հաւաքին առթիւ՝ «ԽԱՉԸ»։

Այդ ուխտաւոր խաչին կից նոյն Քահանայապետը որոշած էր նաեւ Որդոյն միացնել նաեւ Մայրը, ու 2000-ի յոբելենական տարւոյն առթիւ, Հռոմի մէջ տօնախմբուած երիտասարդներու համաշխարհային օրուան առթիւ, Թոր Վերկաթայի տարածքին վրայ կազմակերպուած հաւաքին ներկայ գտնուող երիտասարդները ԵՀՕ խորհրդանիշ հանդիսացող Խաչին կից տեսան նաեւ Տիրամօր սրբապատկերը «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի - Հռոմի Ժողովուրդի փրկութիւն» Տիրամայրը։

Այո՛ այդ սրբապատկերը որուն առջեւ կ՛աղօթէ Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական միջազգային ամէն մէկ ճամբորդութենէ առաջ ու ետք։ Ինչպէս ըրաւ Ան նաեւ 22 Յունուարի առաւօտեան։

Չորս դարերէ ի վեր սրբապատկերը պահպանուած է երկու Քահանայապետերու մարմարէ շիրիմներու կողքին, Կղէմէս Ը եւ Պօղոս Ե։ Եւ այս վերջինս է որ ուզած է այս պատկերը զետեղել Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարի ընտանեկան մատրան մէջ, 1613 թուականին։

«Salus Populi Romani» Տիրամայրը  նկատուած է Հռոմ քաղաքի գերազանց պահպան սրբուհին որ աւանդութեան համաձայն գծագրուած է Սուրբ Ղուկասի ձեռքով ու զանազան արկածախնդիր անցուդարձներէ ետք հասած է Հռոմ։

3 Ապրիլ 2003-ին Ծաղկազարդի տօնին օրը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցած Ծաղկազարդի տօնի պատարագի աւարտին, որուն առթիւ գերմանացի երիտասարդներու խումբ մը Հռոմ ժամանած էր ստանձնելու համր ԵՀՕ Խաչը, տրուած ըլլալով որ 2005-ին ԵՀՕ հաւաքը տեղի պիտի ունենար Գերմանիոյ Քոլոնիա քաղաքին մէջ, խօսքը ուղղելով անոնց հռչակեց «Զաւկին մօտիկ ուղեւորութեան մէջ պիտի ըլլայ նաեւ Մայրը։ Գերմանիայէն ժամանած պատուիրակութեան այսօր կը յանձնեմ նաեւ Մարիամի Սրբապատկերը։ Ասկէ ետք Խաչին հետ միասին, Ան պիտի ընկերանայ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն։  Պիտի ըլլայ Մարիամի մայրական ներկայութեան նշանը, երիտասարդներուն մօտ որոնք, Յովհաննէս առաքեալի նման, կանչուած են զայն ընկալելու իրենց կեանքին մէջ»։

2003էն անցած են ահա 16 տարիներ ու Փանամայի ԵՀՕ 34-րդ հաւաքը այսօր ընթացք կ՛առնէ Տիրամօր հովանինն տակ ու Անոր խօսքերով «Ահաւասիկ Տիրոջ Աղախինն եմ ես թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2019, 08:00