Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

«Դէպի Փանամա աւելի արժանավայել աշխարհ մը ծրագրելու նպատակով». Կարդինալ Փարոլին։

«Մեր պարտականութիւնն է ունկնդրել երիտասարդները ապա առաջնորդել զանոնք, անսալով անոնց ձգտումներուն ու սպասումներուն» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երիտասարդութեան համաշխարհային 34-րդ օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին Փանամա մեկնումէն մի քանի օրեր առաջ, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Վատիկան-Նիուզ Վատիկանի լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց երիտասարդներուն աւելի մեծ յանձնառումով գործելու աւելի զօրակից աշխարհի մը ի նպաստ։

Զրոյցի ընթացքին Կարդինալ Փարոլին նկատել տուաւ որ զօրեղ կապ ու շարունակականութիւն մը կայ ընդմէջ Փանամայի ԵՀՕ եւ  2018-ի հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ կայացած երիտասարդներուն հայող եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին ու այս առընչութեամբ  շեշտը դրաւ սիւնհոդոսէն բխած երկու բայերու վրայ՝ «ունկնդրել ու առաջնորդել»։

Փանամայի հաւաքը երիտասարդներուն  «ծրագրային վայր»

«Մեր պարտականութիւնն է ունկնդրել երիտասարդները ապա առաջնորդել զանոնք, անսալով անոնց ձգտումներուն ու սպասումներուն» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին հաստատելով թէ Փանամայի հաւաքը երիտասարդներուն համար պիտի ըլլայ «ծրագրային վայր» մը, որուն ուղին բացայայտուած է Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն ուղղած պատգամին մէջ՝ «Սուրբ Կոյս Մարիամի վեհանձն այոն որ աշխարհը փոխեց ոչ թէ ուժի կիրարկումով, ոչ թէ բռնութեան միջոցաւ, այլ պատասխանատուութեան ստանձնումով, յոյսով ու վստահութեամբ» յարեց Վատիկանի Պետքարտուղարը իր կարգին նշելով  որ աշխարհի փոխակերպումը կը սկսի հասարակութեան ծառայութենէն ու հասարակաց բարիքով մտահոգութենէն։  

Երիտասարդները եկեղեցւոյ անբաժանելի մաս 

Կարդինալ Փարոլին հուսկ նշեց թէ ԵՀՕ ուրախութեան օրեր են ընդգծելով որ երիտասարդները եկեղեցւոյ անբաժանելի մաս են ու անոր լիիրաւ անդամները, որոնք կ՛ապրին ու կը մասնակցին եկեղեցւոյ առաքելութեան, այս ծիրէն ներս դարձեալ շեշտը դնելով «ունկնդրութեան ու առաջնորդութեան» վրայ հաստատելով թէ ունկնդրութիւնը ըլլալու է փոխադարձ ու նշելով թէ այդ երկու բայերու նպատակն է հանդիպիլ մեր Տիրոջ Յիսուսին ու թոյլ տալ որ ան մեզ կերպարանափոխէ։

Ամէնքս կը փափաքինք աշխարհը փոխել։

«Ես  համոզուած եմ որ ամէնքս կ՛ուզենք աշխարհը փոխել, չեմ կարծեր թէ կան մարդիկ որոնք չեն ուզէր որ աշխարհը աւելի լաւ դառնայ, առ նուազն կը մաղթենք որ այդպէս ըլլայ» - ըսաւ Կարդինալ Փարոլին աւելցնելով թէ «պէտք է սակայն հասկնալ թէ ի՞նչպէս կ՛ուզենք փոխել զայն» ու այս ուղղութեամբ նկատել տուաւ որ Մարիամի անվերապահ «Այո»ն ու «Ահաւասիկ եմ» խօսքը՝ Տիրոջ առաջարկին, գործնական ուղեցոյց  ու գործելակերպ մըն են։ «Ունկնդրել Աստուծոյ կամքը ու մենք մեզ դնել այդ կամքին տրամադրութեան տակ, գիտակից ըլլալով որ ուժը, զօրութիւնը, բռնութիւնը կամ ցուցադրումը չեն որոնք աշխարհը կը փոխեն այլ այդ մէկը կարելի է օր ըստ օրին իրագործելով՝ պատմութեան ու մարդոց վերապահուած Աստուծոյ ծրագիրը, որ է ծրագիր երջանկութեան եւ փրկութեան» հաստատեց Վատիկանի Պետքարտուղարը հրաւիրելով նայիլ Աստուածամօր ու «հետեւիլ անոր քայլերուն, փոխելու համար աշխարհը, այնպէս ինչպէս ան փոխեց զայն մեզի պարգեւելով Յիսուսը»։

Բնիկ հասարակութիւնները հարստութիւն եւ ոչ թէ «մնացորդ» մը

Կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ նաեւ բնիկ հասարակութիւններու անդամ երիտասարդներու ԵՀՕ հաւաքին մասնակցութեան, որոնք՝ ըսաւ Ան, տառապեցան ու կը տառապին «մնացորդացի մշակոյթին» բերումով, զոր Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛որակէ «ժամանակակից ամենամեծ չարիքներէն մին»։  «Հարկաւոր է արժեւորել այդ մշակոյթները որոնք կարող են նպաստել ու հարստացնել մեր աշխարհը» ըսաւ կարդինալ Փարոլին մատնանշելով որ «ամէնքս կարիքը ունինք յոյսին ու վստահութեան։ Կարիքը ունինք ծրագրելու կարողութեան ու տարբեր աշխարհ մը մտածելու կարելիութեան, աշխարհ մը որ աւելի լաւ ըլլայ ուր յարգուած ու արժեւորուած ըլլան արժանապատուութիւնը եւ իւրաքանչիւրին իրաւունքները։

Չի վհատիլ, յառաջ ընթանալ, հետք թողուլ պատմութեան մէջ։

Ուստի համոզուած եմ որ Քահանայապետը այս առթիւ երիտասարդներուն պիտի ուղղէ հետեւեալ պատգամը. Մի վհատիք, յառաջ ընթացէք, գիտէք թէ կարող էք բան մը ընել ու կարող էք հետք թողուլ պատմութեան մէջ» աւելցուց Վատիկանի Պետական Քարտուղարը որ՝ հիմնուելով խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ պատգամին վրայ  իր կարգին կոչ ուղղեց երիտասարդներուն ըսելով «գիտցէք թէ քաղաքականութիւնը, կամաւոր աշխատանքէն անդին, վայր մըն է ուր կարող էք յանձնառու ըլլալ փոխելու համար աշխարհը»։ «Անշուշտ քաղաքականութիւն մը որ ըլլայ հասարակութեան եւ ընկերութեան  ծառայութեան ի սպաս եւ որ մտահոգ ըլլայ հասարակաց բարիքով, ուստի իւրաքանչիւրի ու բոլորին բարիքով» յարեց Կարդինալ Փարոլին առաջարկելով  աշխարհը փոխելու այլ մէկ ուղի մը՝ «դառնալ Աւետարանի առաքեալներ»։ «Ես պիտի փափաքէի որ Փանամայի ԵՀՕ հաւաքին իւրաքանչիւր մասնակցող տուն վերադարձին իր հետ տանի Աւետարանը հռչակելու յանձնառումը, ոչ միայն խօսքով այլեւ կեանքով ու վկայութեամբ» ըսաւ զրոյցի աւարտին Վատիկանի Պետական Քարտուղարը խրախուսելով երիտասարդները այդ մէկը կատարելու վեհանձնութեամբ եւ իրենց իւրայատուկ ոճով ու ձեւերով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2019, 10:30