Որոնել

Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերու ծագումը Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի օրով։

Երիտասարդութեան համաշխարհային Օրը'' առաջին անգամ նշուեցաւ 1986-ի մարտ 23ին` ծաղկազարդի օրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

1984-ի ապրիլ 22ին Ծաղկազարդի տօնին օրը, աշխարհի զանազան վայրերէն 250 հազար երիտասարդներ, ընդառաջելով՝ Յովհաննէս Պօղոս  Բ Սրբազան Քահանայապետի հրաւէրին, Սուրբ Պետրոսի Հրապարակ ժամանած էին, մասնակցելու համար 1983-ի Սուրբ Տարուայ փակման արարողութեան։ Այս առթիւ երջանկայիշատակ Քահանայապետը անոնց կը յանձնէ ''խաչ''մը որ տարիներու ընթացքին դարձաւ Երիտասարդներու Համաշխարհային օրերու խորհրդանշանը։

12 ամիսներ ետք վերոյիշեալ հաւաքը միեւնոյն խանդավառութեամբ կը կրկնուի եւ Երիտասարդութեան Միջազգային Տարուայ առթիւ, 31 մարտ 1985-ին, երիտասարդները դարձեալ կը համախմբուին Սրբազան Քահանայապետին շուրջ, աղօթքի, բաժնեկցութեան եւ զրոյցի հանդիպումներով։ Այդ համախմբումները եղան  նոր սերունդի աննախընթաց պատասխանը ՅՊԲ-ի հրաւէրին։

Ի տես այս իրողութեան ՅՊԲ քահանայապետը, 31 մարտ 1985-ին, աշխարհի երիտասարդներուն ուղղեց առաքելական թուղթ մը եւ նոյն տարուայ 20 դեկտեմբերին հաստատեց ''Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը''։

''Երիտասարդութեան համաշխարհային Օրը'' առաջին անգամ նշուեցաւ 1986-ի մարտ 23ին` ծաղկազարդի օրը ունենալով որպէս բնաբան ս Պետրոսի Ընդհանրական Ա. Թուղթի 3 գլուխէն քաղուած 15րդ համարի հետեւեալ նախադասութիւնը ''Պատրաստ եղէք պատասխանելու ամէն անոնց որ կը հարցնեն ձեր յոյսի խօսքին մասին''։ Այդ օրէն սկսեալ կաթողիկէ եկեղեցւոյ բոլոր թեմերուն մէջ երիտասարդութեան համաշխարհային օրը սկսաւ նշուիլ ամէն տարի ծաղկազարդի տօնին նոյն օրը։ Թէեւ ասոր կից, ամէն երկու կամ երեք տարին անգամ մը, վերոյիշեալ հանդիպումը կը ստանայ «Միջազգային» հաւաքի հանգամանք եւ համայն աշխարհէն երիտասարդներ կը հանդիպին Սրբազան Քահանայապետի կողմէ որոշուած մէկ քաղաքի մը մէջ, որպէսզի միասին խորհրդածեն ու զեկուցեն իրենց հաւատքի մասին եւ ունկնդրեն Սրբազան Հօր կողմէ այդ առթիւ իրենց ուղղուած պատգամները ։

Երիտասարդութեան միջազգային առաջին հաւաքը տեղի ունեցաւ,  1987-ին՝  (11-12 ապրիլ) Պուէնոս Այրէսի մէջ եւ ունէր որպէս բնաբան ''Մենք ճանչցանք եւ հաւատացինք Աստուծոյ սէրը զոր ունի մեզի հանդէպ''։  

Երկրորդ միջազգային հանդիպումը նշուեցաւ 1989-ին՝ Սպանիայի Սանթիակօ Տէ Քոմբոսթելլայի մէջ, ապա 1991-ին՝ Լեհաստանի Չէսթոխովայի մէջ, ՅՊԲ-ի երջանկայիշատակ Քահանայապետի ծննդավայրը։

Անկէ երկու տարիներ ետք երիտասարդները հաւաքուեցան Միացեալ Նահանգներու Տէնվէր քաղաքին մէջ, իսկ 1995 ին՝ ժամադրուեցան Մանիլա։ 1997-ին Փարիզ եւ ապա 2000-ին՝ Յոբելինական Տարւոյն առթիւ, Հռոմ՝ ուր աւելի քան 2 միլիոն երիտասարդներ խուժեցին Իտալիոյ Մայրաքաղաքը միասնաբար երգելով ''Նոյն լոյսին տակ եւ Անոր խաչին ոտքին''։

Նոյնիսկ իր ալեհեր եւ հիւանդ վիճակին մէջ ՅՊԲ-ը չուզեց մինակ թողուլ երիտասարդները եւ 2002-ին, Քանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ իրենց հետ միասին նշեց երիտասարդութեան համաշխարհային 17-րդ օրը որ եղաւ նաեւ Սուրբ Քահանայապետին  վերջինը։

Անոր մահէն ետք, Պենետիկտոս ԺԶ-ը եւս ուզեց շարունակել իր նախորդին ուղին, եւ 2005-ի օգոստոսին Գերմանիոյ Քոլոնիա քաղաքին մէջ հանդիպեցաւ երիտասարդներուն։ Հանդիպում մը որ կրկնուեցաւ 2008-ի յուլիսին Աւստրալիոյ Սիտնէյ քաղաքին մէջ, եւ 2011-ի օգոստոսին Սպանիոյ Մատրիտ քաղաքին մէջ։ Այդ հաւաքի աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ ժամադրութիւն տուած էր բոլոր երիտասարդներուն հանդիպելու Պրազիլի Ռիօ Տէ Ժանէյրօ քաղաքին մէջ նշելու համար երիտասարդութեան համաշխարհային 28րդ օրը։  Սակայն 2013-ին  փետրուարին ներկայացուցած հրաժարականի բերումով,  Անոր յաջորդը՝ Պուէնըս Այրէսի երբեմնի եպիսկոպոս` Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյ - ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եղաւ, 2013-ի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ հաւաքը (Պրազիլ 22-29 յուլիս) գլխաւորողը։ Ռիօ Տէ Ժանէյրոյէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ գլխաւորեց նաեւ 2016-ի Քրաքովիայի երիտասարդաց հաւաքը ու այժմ կը պատրաստուի մեկնիլ Փանամա ուր  նախատեսուած է երիտասարդներու համաշխարհային 34-րդ օրուան տօնախմբութիւնը եւ որուն բնաբանն է «Ահաւասիկ Աղախինն եմ Տիրոջ. Թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն» (Ղուկաս 1,38)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2019, 10:09