Սիւնհոդոսին մասնակցած երիտասարդն Սիւնհոդոսին մասնակցած երիտասարդն 

Երիտասարդներուն միջազգային Ֆորումը Սիւնհոդոսի ընթացքով։

Ֆորումի նպատակը պիտի ըլլայ միջազգային մակարդակով քննարկել Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին ունեցած արձագանքը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Փանամայի մէջ յառաջիկայ 22-27 Յունուար 2019-ին նշուելիք Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերու նախօրեակին, Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վատիկանեան Բաժանմունքը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ հաղորդելով «Երիտասարդներ, հաւատք եւ կոչումի զատորոշում» եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին կապակցութեամբ երիտասարդներուն հայող նոր ձեռնարկ մը՝ Երիտասարդներուն միջազգային Ֆորումը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 18-22 Յունիս 2019-ին որպէս սիւնհոդոսական ընթացքի շարունակութիւն։

Ֆորումի նպատակը պիտի ըլլայ միջազգային մակարդակով քննարկել Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին ունեցած արձագանքը, յատկապէս մեկնելով  եպիսկոպոսներու յետ սիւնհոդոսական աւարտական փաստաթուղթէն  եւ Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակելիք յետ սիւնհոդոսական հաւանական յորդորագիրէն։

Վերոնշեալ Ֆորումին հրաւիրուած են մասնակցելու Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու ու եկեղեցական շարժումներու երիտասարդ պատուիրակներ, որոնց շարքին մի գուցէ նաեւ սիւնհոդոսին որպէս ունկնդիրներ մասնակցող մի քանի երիտասարդներ, ապա Երիտասարդներու Հովուական խնամակալութեամբ զբաղող միջազգային մակարդակի վրայ մասնագէտներ։

Վերոնշեալ հաւաքը կազմակերպուած է իրականացնելու համար Սիւնհոդոսական Հայրերուն խնդրանքը. «Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վատիկանեան Բաժանմունքի երիտասարներուն գրասենեակը բազմապատկէ իր գործունէութիւնը, նաեւ միջազգային մակարդակով  երիտասարդներու ներկայացուցչական մարմնի  մը ստեղծումով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2019, 08:19