Որոնել

Մամլոյ Ասուլիս Մամլոյ Ասուլիս 

«Քահանայապետը յարատեւ կը մտածէ Վենեզուելլային». Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը։

Քահանայապետը թելադրած է երիտասարդներուն ի միտ ունենալու իրենց արմատները. «առանց արմատի ծառ մը ոչինչ է» ըսած է Ան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 26 Յունուար 2019-ին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն՝ Տիար Ալեսսանտրօ Ճիոզոթթի,  մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, խօսելով Ֆրանչիսկոս Պապին Փանամայի մէջ ունեցած  գործունէութեան մասին շեշտը դրաւ Սրբազան Պապին 10 երիտասարդներու հետ ունեցած ճաշին վրայ, հինգ տղայ եւ հինգ աղջիկ որոնք կը ներկայացնէին աշխարհի հինգ ցամաքամասերը, որոնց հետ Նորին Սրբութիւնը ուզեց բաժնեկցիլ սիրոյ սեղանը, զրուցելով անոնց հետ ու պատասխանելով իրեն ուղղած հարցումներուն։

Ճիոզոթթի նշեց որ այդ ճաշը տեղի ունեցաւ Սան Խօսէ աւագ նորընծայարանին ներքոյ ու թէ Սրբազան Քահանայապետը հակիրճ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Նորընծայարանի ժառանգաւորներուն հետ, զանոնք խրախուսելով հաստատ մնալ իրենց կոչումին մէջ եւ միշտ ի միտ ունենալ իրենց առաքելութիւնը՝ որ է ծառայել Աստուծոյ ու Անոր ժողովուրդին։

Ճիզոթթի նշեց հուսկ թէ Սրբազան Քահանայապետը իրազեկ է ու մօտէն կը հետեւի Վենեզուելլայի տագնապալից իրավիճակին ու կ՛աղօթէ Վենեզուելլացի ժողովուրդին համար։ Ան ապա նշեց թէ Ճանապարհ Խաչի արարողութեան մէկ կայանին աղօթքները արտասանեցին վենեզուելլացի երիտասարդներ՝ ի նշան նաեւ Վենեզուելլայի այս օրերուն ապրած տառապանքին։

Յայտենք թէ վերոնշեալ մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցան նաեւ Քահանայապետին հետ կէսօրուայ ճաշին մասնակցող երիտասարդներէն ոմանք որոնք լրագրողներուն փոխանցեցին Քահանայապետին հետ իրենց ունեցած զրոյցի մասին տեղեկութիւններ, նշելով թէ Նորին Սրբութիւնը պատասխանած է իրենց բոլոր ուղղած հարցումներուն, որոնց շարքին, ի մէջ այլոց, եկեղեցւոյ մէջ մանկապղծութեան գայթակղեցուցիչ հարցը, որուն համար Սրբազան Պապը վերահաստատած է եկեղեցւոյ այդ երեւոյթին դէմ պայքար մղելու յանձնառումը ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ  մօտիկութիւնը՝ զոհերուն։ Հարցումներու շարքին էին նաեւ այլ կրօններու հետ համագործակցելու հարկաւորութիւնը ու Միջին Արեւելիքի մէջ Քրիստոնեաներու գոյատեւումը։

Քահանայապետը հուսկ թելադրած է  երիտասարդներուն յանձնառու ըլլալ՝ ընկերութեան ու քաղաքականութեան կեանքէն ծիրէն ներս, զանոնք աւելի լաւ դարձնելու ձգտումով, այս ուղղութեամբ յանձնարարելով  միշտ ի միտ ունենալու իրենց արմատները. «առանց արմատի ծառ մը ոչինչ է» ըսած է Սրբազան Պապը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2019, 08:00