Սարկաւագներ Սարկաւագներ 

«Մնայուն սարկաւագութիւնը մարգարէական նախաձեռնութիւն է». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Սարկաւագութեան առաքելութիւնը պատասխան ու նշան է Յիսուսին աշխարհի մէջ ներկայութեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Կաէթանոյի աստուածանուէր ընկերութեան՝ 22 Յունուար 1969-ին Իտալիոյ Վիչենցա քաղաքին աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած առաջին եօթը սարկաւագներու ձեռնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Վիչենցա քաղաքի եպիսկոպոսին, որուն մէջ յայտնեց իր «ողջ խնդակցութիւնները», ի տես նաեւ այս առթիւ կազմակերպուած յատուկ գիտաժողովին «Սարկաւագութիւնը՝ նոր պտուղներով եկեղեցւոյ մը համար բողբոջ» խորագիրով։

Գիտաժողովը կազմակերպած էր Աստուծոյ ծառայ Հայր Օթթորինօ Ծանոնիի 1941-ին հիմնած Քահանայապետական իրաւասութեամբ կրօնական առաքելական միաբանութեան կեդրոնին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը հեռագիրին մէջ կը նշէ թէ Սուրբ Հոգիի շնորհքով Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովի հայրերէն առաջարկուած  «մնայուն սարկաւագներու» հաստատումը, որ ծիլ տուաւ Վիչենցա քաղաքին մէջ, հանդիսացաւ  Հայր Ծանոնիի « հոգեւոր եւ առաքելական մարգարէական նախաձեռնութիւն մը»։ Առիթ մարդկային ու հոգեւոր խթանումի» ու նաեւ «որբերու ու կարիքաւոր պատանիներու աւետարանութեան, կազմելու նպատակով  հասուն ու Աստուծոյ եւ եղբայրներուն նուիրուած անձնաւորութիւններ»։

Յայտնենք թէ Մնայուն Սարկաւագութեան առաքելութիւնը վերահաստատուած  Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի կողմէ ու կը հայի ըլլայ ամուլ, ըլլայ ամուսնացած այր մարդոց։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս ուղղութեամբ մաղթանք յայտնած է որ անոնց առաքելութիւնը առաջին կարգին նուիրուի աղքատներու հոգատարութեան, յատկապէս առաքելական վայրերուն մէջ, ուր գոյութիւն ունին աղքատներու միջեւ ամէնէ աղքատները…«սարկաւագութեան առաքելութիւնը պատասխան  ու նշան է Յիսուսին աշխարհի մէջ ներկայութեան» ըսած է Ֆրանչիսկոս Պապ սարկաւագները որակելով նաեւ եկեղեցւոյ «ծառայութեան չափանիշի» պահապանները։ «Սարկաւագը արդարեւ այն անձն է որ Յիսուս Քրիստոսը պէտք է տանի աշխարհին, ընտանիքներու ու աշխատավայրերու ներքոյ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2019, 09:58