Եպիսկոպոսներ Եպիսկոպոսներ 

Խմբագրական. «Հանդիպում Հովիւնրու միջեւ, «առարկայականութեան» նպատակներով։

Վերջին 16 տարիներուն գործնական քայլեր առնուեցան այս ուղղութեամբ ու վերջին Քահանայապետերու կամքով առաջարկուեցան նոր ու խիստ կանոններ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի Հաղորդակցութեան բաժանմունքի նոր նշանակուած Խմբագրական Տնօրէն՝ Տիար Անտրէա Թորնիելլի, 10 յունուար 2019ին ստորագրած  խմբագրականին մէջ շեշտը կը դնէ յառաջիկայ Փետրուար ամսոյն ընթացքին Վատիկանի մէջ կայանալիք Եպիսկոպոսներու վեհաժողովին՝ հայող մանկապղծութեան ու չարաշահումներու հարցին։

Թորնիելլի կը գրէ լրատուամիջոցները մեծ սպասումով կը  պատրաստուին  Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ գումարուած անչափահասներու ու դիւրաբեկ տարեցներու պաշտպանութեան նիւթին հայող յառաջիկայ հաւաքին։ Սպասում մը որ կարող է նուազեցնել եկեղեցական իմաստը հովիւներու՝ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու նախագահներու միջեւ հանդիպումին, որոնք Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ միասին պիտի խորհրդածեն չարաշահութեան նիւթին շուրջ։

«Նախ եւ առաջ հարկաւոր է ընդգծել Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իւրայատուկ տիեզերականութիւնը որ կը բացայայտնուի հանդիպման մէջ» կը գրէ ապա Թորնիելլին դիտել տալով որ «Համայն աշխարհի եպիսկոպոսներու ներկայութիւնը, որոնք առաջին անգամն ըլլալով կանչուած են դիմագրաւելու այս ցաւալի վէրքը, որ զոհերուն համար եղաւ եւ է անհամար տառապանքի պատճառ եւ է նաեւ աւետարանի հակավկայութիւն, պիտի սատարէ աճեցնելու բոլորին գիտակցութիւնը սոյն տագնապի ծանրութեան վրայ»։

Անչափահասներու նկատմամբ չարաշահումներու երեւոյթը, անոր զոհերու ողբերգական փորձառութիւնը, բողոքներու դիմաց որդեգրուելիք ընթացակարգը եւ  մանուկներուն ու երախաներուն ապահով միջավայր երաշխաւորելու ցուցմունքները, պիտի քննարկուին ոչ միայն եւրոպական կամ Ամերիկեան հեռանկարով։ Հաւաքին նպատակը շատ աւելի գործնական ու առարկայական է. Այնպէս ընել որ ժողովականներէն իւրաքանչիւրը  իր երկիրը վերադառնայ, իր մտքին մէջ յստակ ունենալով այն ինչ որ պէտք է կամ պէտք չէ կատարուի այս հարցերուն դիմաց։ Որոնք են առնուելիք քայլերը պաշտպանելու համար զոհերը, ճշմարտութեան ու ներգրաւուած անձերու յարգանքով, որպէսզի այնպէս ընել որ ոչ մէկ արարք թաքուն մնայ կամ քօղարկուի» կը գրէ միշտ Տիար Թորնիելլի որ ապա կ՛աւելցնէ թէ «այս ուղղութեամբ հարկաւոր է  սպասել եպիսկոպոսներուն ժողովը ու այդ ժողովէն յառաջ եկած առաջարկները, յստակացնելու համար այդ ոլորտի օրէնսդրութեան մանրամասնութիւնները»։

Վատիկանի Հաղորդակցութեան բաժանմունքի  Խմբագրական Տնօրէնը ապա կը նշէ թէ  «այս մէկը առաջին քայլը չէ։ Վերջին 16 տարիներուն գործնական քայլեր առնուեցան այս ուղղութեամբ ու վերջին Քահանայապետերու կամքով առաջարկուեցան նոր ու խիստ կանոններ, թէեւ մի քանի պարագաներուն անոնք կարող են որակաւորուիլ որպէս «արտակարգային» կամ «շտապային»։

«Օրէնքները, կանոններն ու ընթացակարգերը բաւարար չեն, ու չեն կրնար երբեք ըլլալ բաւարար եթէ չփոխուի մտածելակերպն ու սիրտն անոնց որոնք կանչուած են այդ օրէնքները կիրարկելու» կը հաստատէ Թորնիելլի մատնանշելով թէ «ասոր համար է որ Ֆրանչիսկոս Պապը կը շարունակէ կոչ ուղղել ու յորդորել ապաշխարութեան ճանապարհը։ Ասոր համար կարեւոր է որ մասնակցողներէն իւրաքանչիւրը ուշադրութեամբ մտիկ ընէ զոհերու վկայութիւններուն ու օրինակ առնէ Պենետիկտոս ԺԶ եւ անոր յաջորդէն, որոնք վերջին տասնըվեց տարիներուն, աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ, ընկալեցին զոհերը, անոնց մտիկ ըրին, ու անոնց հետ արտասուեցին ու կիսեցին անոնց ցաւը»։

Թորնիելլի խմբագրականը կ՛աւարտէ ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապին Հռոմի Քուրիայի հետ ունեցած վերջին հանդիպման ընթացքին արտասանած խօսքերուն ուր Ան յայտնած էր թէ  «չարաշահումի նոյնիսկ մէկ դէպք ինքնիր մէջ հրէշութիւն է» ապա աւելցուցած  թէ «Փետրուարի հաւաքը պիտի ծառայէ գործուած սխալները դարձնելու հնարաւորութիւն, արմատախիլ ընելու համար չարաշահումներու վէրքը, ոչ միայն Եկեղեցւոյ մարմինէն այլեւ համայն ընկերութենէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2019, 15:30