Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ՄԱԿ-ին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ՄԱԿ-ին մէջ 

Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութիւնը. «Միշտ երկխօսութեան մէջ ի նպաստ բնակչութեան բարօրութեան»։

Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական գործունէութեան ետին քաղաքական շահեր չկան, անոր շահերը ուղղուած են անձին ու հոգիներու փրկութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սուրբ Աթոռը միտում չունի  ներթափանցելու Պետութիւններու կեանքէն ներս, ան կը ձգտի ըլլալ մարդկութիւնը յուզող հարցերուն ուշադիր եւ զգայուն ունկնդիր մը, անկեղծ եւ հեզ բաղձանքով, ինքզինք դնելու ամէն մէկ անհատի բարիքին ծառայութեան ի սպաս»։ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերն են ասոնք որ արտասանեց անցեալ 7 Յունուար 2019-ին, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած օտար երկիրներուն դիւանագիտական մարմնի անդամներուն ուղղած ճառին ընթացքին։

Եկեղեցւոյ եւ Վատիկանի դիւանագիտական գործունէութեան մասին խօսելով Փրոֆ Վինչենցօ Պուոնոմօ՝ Լատերանի քահանայապետական համալսարանի Ռէկտորը, հաստատեց թէ  «մինչ Պետութիւններուն միջեւ  դիւանագիտական յարաբերութիւնները ընդհանրապէս ունին տնտեսական կամ մշակութային ծաւալ, Սուրբ Աթոռին այլ պետութիւններու հետ յարաբերութիւնը ունի յստակ նպատակ. եկեղեցւոյ ազատութիւնը մէկ կողմէն ու կրօնի ազատութիւնը միւս կողմէն»։

Սուրբ Աթոռը համաշխարհային գետնի վրայ ամենահին դիւանագիտական ենթական է ու պատմութեան հոլովոյթին ան իր այս պարտականութիւնը կատարած է որպէս  «այն ուխտաւորը որ 2000 տարիէ ի վեր սկսած է ուղեւորութիւն մը», ինչպէս յայտնած է Սուրբ Պօղոս Զ Պապը ՄԱԿ-ի ամպիոնէն արտասանած իր խօսքին մէջ, նշելով նաեւ որ «անոր պարտականութիւնն է հաղորդել  «Բարի Լուրը» համայն մարդկութեան։   Ահա այս է Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական գործունէութեան կորիզը. «աւետարանել»,  ըսաւ Փրօֆ. Պուոնոմօ այս ծիրէն ներս շեշտելով նաեւ երկխօսութեան կարեւոր անհրաժեշտութիւնը։ 

«Դիւանագիտութեան գործիքը  պէտք է ծառայէ երկխօսութեան, ամէն գինով երկխօսութիւն, գտնելու համար փոխզիջումներու հաւասարակշռութիւն ու կառուցելու համար կամուրջներ» կը հաստատէ միշտ Լատերանեան համալսարանի Ռէկտորը ընդգծելով նաեւ վատիկանեան դիւանագիտութեան յատուկ ուշադրութիւնը, ամենայետիններուն, աղքատներուն, չքաւորներուն, անտեսուածներուն ու բացառուածներուն։ Այս ծիրէն ներս Սուրբ Աթոռը միշտ յանձնառու եղած է պաշտպանելու ամէն մէկ անհատի հիմնական իրաւունքները, ըլլան անոնք քաղաքական, քաղաքացիական, տնտեսական, ընկերային եւ կամ կապուած կրօնի ազատութեան։  Եկեղեցւոյ ամենամեծ մտահոգութիւնը կը մնայ միշտ հոգիներու փրկութիւնը ու դիւանագիտութիւն մը որ կը գործէ ի ծառայութիւն անհատներուն ու բոլոր անոնց որոնք կը հաւատան։

Սուրբ Աթոռը կրօնի ազատութիւնը պահանջելով զայն չի պահանջէր միայն կաթողիկէներուն համար այլ բոլորին համար, ի տես նաեւ համաշխարհայնացած աշխարհի մը մէջ կրօնական երեւոյթին դէմ ցուցաբերուած անտարբերութեան։

Ի դէպ Սուրբ Աթոռը իր գործունէութեամբ կառավարութիւնները չի ճանչնար այլ կը ճանչնայ երկիրները, այսպէսով նոյնիսկ եթէ երկրի մը  մէջ կառավարութիւնը կը փոխուի Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական կապը կը մնայ անխախտ, որովհետեւ անոր ուշադրութիւնը յատկացուած է մասնաւորապէս  բնակչութեան վրայ, ու այդ երկրին մէջ գործող եկեղեցւոյ։

Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական գործունէութեան ետին չկան քաղաքական շահեր, անոր շահերը ուղղուած են անձին ու հոգիներու փրկութեան։ Այդ դիւանագիտական գործունէութիւնը  հիմնուած է կրօնական բնոյթ ունեցող շահերու վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2019, 12:22