Որոնել

Կաթողիկէ – Հրեայ  երկխօսութեան 30-րդ օրը։ Կաթողիկէ – Հրեայ երկխօսութեան 30-րդ օրը։ 

Կաթողիկէ – Հրեայ երկխօսութեան 30-րդ օրը։

Հրեայ – Կաթողիկէ երկխօսութեան օրերը սկիզբ առած են 17 Յունուար 1990-ին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր Իտալիոյ մէջ կը յիշատակուի Հրեայ – Կաթողիկէ երկխօսութեան 30-րդ օրը, խորացնելու եւ խթանելու հրեաներու եւ կաթողիկէներու  միջեւ երկխօսութիւնը որուն այս տարուայ կեդրոնական նիւթը կը հանդիսանայ «Էսթերի Գիրքը»։ Այսօր կը յիշատակուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Հռոմի Հրեաներու Աւագ Տաճար կատարած այցելութեան երորրդ տարեդարձը։

Հրեայ – Կաթողիկէ երկխօսութեան օրերը սկիզբ առած են 17 Յունուար 1990-ին։ Պատահական թուական մը չէ այդ, այլ կը զուգադիպի Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբթուայ (18-25 Յունուար) նախօրեակին։  Օրին հաստատումին նպատակն է «Խորացնել Երկխօսութիւնը, իրար փոխադարձ ճանաչողութեան միջոցաւ, յաղթահարելու համար նախապաշարումները ու վերագտնելու աստուածաշունչի միասնական արժէքները,  իրագործելով  միասնական ձեռնարկներ՝ ի նպաստ արդարներուն, խաղաղութեան ու ստեղծագործութեան պահպանումին, եւ այս ընել նաեւ փոխադարձ այցելութիւններու միջոցաւ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2019, 11:00