Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի 7 յունուարի թուիթը:

Ուղղափառ եկեղեցիներուն Յիսուսի Սուրբ Ծնունդի տօնին առիթով Ֆրանչիսոս Պապ շնորհաւորեց Արեւելքի քրիստոնեայ եղբայներն ու քոյրերը:

Ուղղափառ եկեղեցիներուն Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապ 7 յունուար 2019ին, հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ անդրադառնալով Յիսուսի մարդեղութեան խորհուրդին, յորդորեց կենդանի պահել Աստուծոյ եւ մեր միջեւ կայացած յարաբերութիւնը, ապա արեւելքի քրիստոնեայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն շնորհաւորեց Յիսուսի Սուրբ Ծնունդի տօնը :

«Աստուած մարդացաւ: Ան Յիսուսի միջոցաւ եկաւ մեր կեանքը կիսելու:Կենդանի պահենք այս յարաբերութիւնը՝ Իր հետ եւ մեր միջեւ :Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ, Արեւելքի եղբայրներուն եւ քոյրերուն:» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/01/2019, 13:30