Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

ֆրանչիսկոս Պապին 4 յունուարի թուիթը:

Յիսուս բոլորիս ընծայուած Աստուծոյ պարգեւն է:

Ուրբաթ, 4 յունուար 2019-ին, Յիսուսի Սուրբ ծննդեան տօնը յաջորդող տօնական մթնոլորտի մէջ ապրուած օրերուն առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ քահանապետական թուիթերեան կայքին վրայ հրապարակելով նոր թուիթ մը յիշել տուաւ, որ Յիսուս բոլորիս շնորհուած Աստուծոյ նուէրն է : Քահանայապետը նշեց որ Յիսուսը ընկալելով՝ մենք եւս ուրիշներուն համար կը դառնանք Աստուծոյ նուէրը:

«Յիսուս, Աստուծոյ մեզի շնորհած պարգեւն է: Եթէ՝ Զինք ընկալենք , մենք եւս ուրիշներուն համար կրնանք Աստուծոյ պարգեւը դառնալ:» գրեց Սրբազան Պապը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/01/2019, 13:30