Մալիի մէջ աղջիկներ ջուր փոխադրելու ժամանակ Մալիի մէջ աղջիկներ ջուր փոխադրելու ժամանակ 

Ջուրի մասին վեհաժողով Արաբական միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ:

Աշխարհի մէջ աւելի քան երկու ու կէս միլիառ մարդ կը տառապին խմելիք ջուրի պակասէն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 14 յունուար 2019ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք՝ Ապու Տապիի մէջ ընթացք առաւ ջուրի մասին միջազգային վեհաժողովը՝ քննարկելու համար ընդհանրապէս համայն աշխարհին մէջ եւ մասնաւորապէս միջին արեւելքէն ներս ջուրի պակասի ու չորութեան հարցերը։

Յայտնենք թէ աշխարհի մէջ աւելի քան երկու ու կէս միլիառ մարդ կը տառապին խմելիք ջուրի պակասէն: ՄԱԿ-ի վերջին տուեալներուն համաձայն աւելի քան 663 միլիոն մարդ, իրենց բնակարաններէն ներս զրկուած են մաքուր ջուրի մատակարարումէն , անոնք ամէն օրն հարիւրաւոր քմ կը կտրեն մաքուր ջուր հայթայթելու համար:

Կ՝ըսուի թէ կլիմայի փոփոխութեան հարցը, մեծ բացասական ազդեցութիւն ունի ջուրի պակասին վրայ: Հարաւային Ափրիկէ մէջ երեք տարի է վեր անձրեւի պակասը կայ եւ ջրհորները չոր վիճակի մէջ կը գտնուին

Ջուրի հարցին ու անոր կարեւորութեան մասիս ֆրանչիսկոս Պապ ստէպ անդրադարձած է շեշտելով թէ ջուրը ապագային համար որոշիչ բարիք մըն է: Ջուրին խնամքը էական է կեանքին համար:

2018ին, ջուրի համաշխարհային օրուան առթիւ յղած պատգամի մէջ Սրբազան Հայրը ընդգծած է որ ջուրը կեանքի ամենէն էական տարն է , եւ մարդկութեան ապագան կախեալ է ջուրի նկատմամբ մեր ունեցած պահպանողական եւ բաժնեկցութեան կարողութիւնէն:

Ջուրը լաւագոյն հասարակաց բարիքն է, ըսած է Ֆրանչիսկոս Պապը հրամայական եւ հրատապ նկատելով ջուրի հանդէպ խնամքը : Ան ապա ամօթալի նկատած է այն երեւոյթը, որ 21-րդ դարուն, աշխարհի տարբեր տարածքներուն մէջ բազմաթիւ քոյրեր ու եղբայրներ զրկուած են արժանավայել կեանքէ ու շատեր անոնցմէ կը մեռնին կամ ալ կը հիւանդանան ջուրի պակասի պատճառով:

Բոլորին մաքուր ջուրի իրաւունքը երաշխաւորելու համար ֆրանչիսկոս Պապ կը յորդորէ զօրակցութեան յարաբերութիւններ կառուցել աշխարհի զանազան երկիրներուն միջեւ այնպէս մը ընել որ համաձայնութիւն կնքուի անոնց միջեւ ՝ ջուրի քանակի շուրջ:

Սրբազան Հայրը կը քաջալերէ երկխօսութիւն կատարել եւ հասարակաց լուծումներ գտնել ի շահ բոլորին բարիքին: Ան բոլորս կը հրաւիրէ նպաստելու ջուրի պակասի հարցի լուծման ՝ նուազեցնելով ջուրի մսխումը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2019, 12:05