Աղքատներուն համար սեղանատուն Աղքատներուն համար սեղանատուն 

Հռոմի մէջ սաստիկ ցուրտին ի տես Առաքելական ողորմնաբաշխութեան յանձնառութիւնը:

Աղքատները հիւրընկալող կառոյցներու դռները բաց են ոեւէ օտարականի կամ աղքատի համար, որ ժամանակաւոր կերպով կը փափաքի այնտեղ բնակիլ մինչեւ նոր կարգադրութիւն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հռոմի մէջ տիրող սաստիկ ցուրտի արտակարգ վիճակին ի տես, Քահանայապետական ողորմնաբաշխութեան գրասենեակը բազմապատկած է անօճախ եւ թափառական աղքատներու ի նպաստ բարեգործական աշխատանքները, որոնց շարքին, ցուրտէն պատսպարուելու համար, ճամբաները գնացող աղքատներուն ի նպաստ տրամադրած է յաւելեալ մահիճներ։

Աղքատները հիւրընկալող կառոյցներու դռները բաց են ոեւէ օտարականի կամ աղքատի համար, որ ժամանակաւոր կերպով կը փափաքի այնտեղ բնակիլ մինչեւ նոր կարգադրութիւն:

Այս տարի ինչպէս նախորդ տարիներուն, սաստիկ ցուրտէն պատսպարուելու համար «Սան Քալիսթօ» անուան վանքը իր դռները բաց կը պահէ օտարակններուն ու աղքատներում դիմաց: Հոն տրամադրուած են աւելի քան 30 մահիճներ, ուր նաեւ աղքատներուն համար ամէն օր կը բաշխուի տաք պնակ մը:

Ինչ կը հայի հագուստները լուալու՝ լուացարանի մը կարիքին, Հռոմի «Թրասթեւերէ» շրջանին մէջ գտնուող «Խաղաղութեան ժողովուրդ» կեդրոնը, բաց կը պահէ «Պապի լուացարարն» անուան դռները, ուր աղքատները հնարաւորութիւնը ունին իրենց հագուստները լուալու, չորցնելու ինչպէս նաեւ արդուկելու: Յիշեալ կեդրոնին մէջ նաեւ ամէն երեքշաբթի, հինգշաբթի օր աղքատներուն համար ընթրիք կը սարքուի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2019, 10:34