Որոնել

Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի 

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը:

Նորին Սրբութիւնը անչափահասներուն պաշտպանութեան լիագումար նիստերու վարիչի պարտականութիւնը յանձնած է Հայրի Ֆետերիքօ Լոմպարտիին :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 16 յունուարին, սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց թէ Եկեղեցւոյ մէջ անչափահասներու պաշտպանութեան հայող ժողովի կազմակերպիչ կոմիտէն, հինգշաբթի, 10 յունուար 2019-ին, գումարած է աշխատանքային նիստ մը որուն աւարտին, ֆրանչիսկոս Պապ վատիկանի մէջ ընդունած է կոմիտէին անդամները, որոնք Նորին սրբութեան փոխանցած են անչափահասներուն պաշտպանութեան ժողովին նախապատրաստական աշխատանքներու մասին տեղեկութիւններ:

21-24 փետրուար 2019ին կայանալիք անչափահասներու պաշտպանութեան ժողովը կ՝ընդգրկէ, ընդհանուր նիստեր, աշխատանքային խումբեր, հասարակաց աղօթքի պահեր եւ վկայութիւններուն ունկնդրութիւն, Սուրբ խոստովանանքի խորհուրդի մատակարարում ապա
եզրափակիչ Սուրբ Պատարագ:

Ֆրանչիսկոս Պապ կոմիտէի անդամներուն ապահովուած է իր ներկայութիւնը ժողովի ամբողջ տեւողութեամբ:

Նորին Սրբութիւնը անչափահասներուն պաշտպանութեան լիագումար նիստերու վարիչի պարտականութիւնը յանձնած է Հայրի Ֆետերիքօ Լոմպարտիին :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2019, 13:10