Որոնել

Միջերկրական ծովուն մէջ ընկղմած գաղթականներ Միջերկրական ծովուն մէջ ընկղմած գաղթականներ 

Կարդինալ Սանտրի. «նոր ստրուկները միջերկրական ծովուն գաղթականներն են»:

Ծառայել ազատութեան ի խնդիր, օգնութեան փութալով մարդավաճառութեան թիրախ այր մարդոց ու կիներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Իտալիոյ Սարտենիա կղզիին, Պոնարիա Տիրամօր սրբավայրին մէջ, Արեւելեան եկեղեցիներուն կառավարիչ՝ կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի, Կիրակի 20 յունուար 2019-ին, նախագահեց «Մերչետարիօօ միաբանութեան հիմնադրութեան 800 ամեակի յոբելենական Սուրբ Պատարագի արարողութեան: Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ ծիրանաւորը յիշեց, իրենց երկիրներուն մէջ հակամարտութիւններէն փախուստ տուող եւ արեւմուտքի մէջ ապաստան գտնելու յոյսով գաղթած ապա միջերկրական ծովուն մէջ ընկղմած ու զոհուած անթիւ գաղթական անմեղները :

Կարդինալ Սանտրի յարեց.

«Ծովուն դիմած ծագած, Քալիարի քաղաքին մէջ, մտաբերենք Միջերկրական ծովու պատճառած հազարաւոր մեռեալները, որոնցմէ շատեր զոհ ինկան այս վերջին ժամերուն:»

«Անոնք ըսաւ Կարդինալ Սանտրի նոր ստրուկներ են, որոնք իրենց ոտքերուն վրայ շղթաներ չունենալով հանդերձ, ստիպուած եղան իրենց երկիրները թողուլ՝ պատերազմներու եւ աղքատութեան պատճառով :»

Ծիրանաւորը դիտել տուաւ որ ողբերգական եւ աղէտալի պատերազմները արդիւնք են այն մարդոց որոնք կը շարունակեն բաժանումներ ստեղծել, կը պայքարին տիրապետելու համար հարստութիւններու՝ զինավաճառութեամբ եւ աղքատ ժողովուրդներու մէջ հրահրելով կրօններու միջեւ ատելութիւն:

Արեւելեան եկեղեցիներուն կառավարիչը յորդորեց ծառայել ազատութեան,  օգնութեան փութալով մարդավաճառութեան թիրախ այր մարդոց ու կիներուն, ինչպէս նաեւ միեւնոյն կեցուածքը որդեգրելով , ամէն կեանքի դիմաց ՝սաղմէն սկսեալ մինչեւ բնական մահ, որպէսզի աշխարհի բոլոր ծագերուն մէջ կեանքը յարգուած ու պատուուած ըլլայ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2019, 13:52