«Գաղթականի միջազգային օր» «Գաղթականի միջազգային օր»  

«Բանանք մեր սրտին դռները հիւրընկալութիւն փնտռողին դիմաց». Ֆրանչիսկոս Պապ

Դեկտեմբերի 18-ին կը նշուի «Գաղթականի միջազգային օրը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Դեկտեմբերի 18-ին կը նշուի  «Գաղթականի միջազգային օրը» հաստատուած  ՄԱԿ-ի կողմէ 2000 թուականի դեկտեմբերին:

Այս օրուան հռչակումով ՄԱԿ-ի ընդհանուր Ժողովը շեշտած է մարդու իրաւունքները և բոլոր գաղթականներու հիմնական ազատութիւնները պահպանելու համար հետագայ միջոցներ ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը: Այս ուղղութեամբ ամէն տարի, 18 դեկտեմբերին, համայն աշխարհի կառավարական ու ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները տեղեկատուական արշաւներ կը ձեռնարկեն  մարդու իրաւունքներու և գաղթականներու հիմնական ազատութիւններու մասին, եւ այդ ուղղութեամբ կը ծրագրեն տարբեր միջոցառումներ:

Փորձագէտներու գնահատումներու համաձայն՝ մոլորակի իւրաքանչիւր 35-րդ բնակիչը գաղթական է, ու կ՛ապրի եւ կ՛ աշխատի իր երկրի սահմաններէն դուրս:

Գաղթականի միջազգային օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ նշեց «Յիսուս լաւապէս կը յիշէ հիւրընկալուելու մերժումի ցաւը։ Մեր սիրտը փակ թող չի մնայ ինչպէս փակ էին Բեթղեհէմի տուներուն դռները» #Internationalmigrantsday։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2018, 11:30