Որոնել

Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետը կ՛արձակէ առաջին թուիթը Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետը կ՛արձակէ առաջին թուիթը 

Քահանայապետական @Pontifex «թուիթըր»ի կայքը վեց տարեկան է։

Քահանայապետական թուիթըրեան կայքը որ կը հրապարակուի ինը լեզուներով մինչեւ օրս ունի 47 միլիոն 700 հազար հետեւորդ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

12 դեկտեմբեր 2012-ին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը կ՛արձակէր առաջին թուիթը։ Պատմական փոքրիկ մէկ ժեստ մը որ դուռը բացաւ ընկերային ցանցերու ծիրէն ներս աւետարանութեան։ Խորհրդանշական կերպով ան կը յիշեցնէր Պիոս ԺԱ ժեստը որ՝ 12 փետրուար 1931ին, Ռատիօ Վատիկանի ձայնասփիւռէն, աշխարհին կ՛ուղղէր իր առաջին ռատիօ-պատգամը։

Արդարեւ՝ 2013-ի արտակարգ իրադարձութիւններուն կարելի եղաւ հետեւել ընկերային ցանցերու միջոցաւ։ Այսպէս՝ 24 փետրուար 2013-ին , Պենետիկտոս ԺԶ-ի վերջին Մարեմեան Աղօթքին առթիւ արձակուած թուիթը, որուն մէջ Ան 11 փետրուար 2013-ին ներկայացուցած հրաժարականէն ետք, հաւատացեալներէն կը խնդրէր որ աղօթէին իրեն ու Եկեղեցւոյ համար, վստահելով Աստուծոյ նախախնամութեան»։

Իր ընտրութենէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը եւս շարունակեց օգտագործել ընկերային ցանցերը։ Անոնց մասին արտայայտուելով Ան հաստատած է թէ «ընկերային ցանցերը կարող են ըլլալ վայրեր ուր անդրադարձ կը կատարուի հաւաքի գեղեցկութեան»։ Ապա 2014-ին Ընկերային Հաղորդամիջոցներու միջազգային օրուան առթիւ հրապարակած իր առաջին պատգամին մէջ ան ընդգծած է «բաւարար չէ քալել «թուային» աշխարհի ճանապարհներու վրայ, այլ հարկ է որ այդ «կապին» ընկերանայ նաեւ իսկական հանդիպումը։ Չենք կրնար ապրիլ միայնակ- մենք կարիքը ունինք սիրելու եւ սիրուելու։ Կարիքը ունինք քնքշութեան»։

Քահանայապետական թուիթըրեան կայքը որ կը հրապարակուի ինը լեզուներով մինչեւ օրս ունի 47 միլիոն 700 հազար հետեւորդ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2018, 12:30