Որոնել

Սուրբ Ընտանիքը Սուրբ Ընտանիքը 

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը՝ «Սուրբ Ընտանիքը պաշտպան կանգնի աշխարհի բոլոր ընտանիքներուն»

«Յիսուս, Մարիամ եւ Յովսէփ օրհնեն ու պաշտպանեն աշխարհի բոլոր ընտանիքները, որպէսզի անոնց մէջ իշխէ սէրը, ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր կը նշուի Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի տօնը որուն նուիրուած մէկ աղօթքի մը մէջ Ֆրանչիսկոս  խնդրած էր որ  «մեր ընտանիքները դառնան հաղորդութեան եւ աղօթքի վերնատուներ, Աւետարանի իսկական դպրոցներ եւ տնային փոքր եկեղեցիներ»։ Ան ապա խնդրած էր որ «ընտանիքները երբե՛ք այլեւս չի փորձարկեն բռնութիւնն ու բաժանումը, եւ անոնք որ վիրաւորուած ու գայթակղած են, վերագտնեն բուժում եւ մխիթարութիւն»։

Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի տօնին առթիւ, 30 դեկտեմբեր 2018-ին հրապարակած թուիթին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը հայցեց Մարիամի, Յովսէփի եւ Յիսուսի հովանին՝ աշխարհի բոլոր ընտանիքներուն վրայ, որպէսզի այնտեղ իշխէ սէրը, երջանկութիւնն ու խաղաղութիւնը։

«Յիսուս, Մարիամ եւ Յովսէփ օրհնեն ու պաշտպանեն աշխարհի բոլոր ընտանիքները, որպէսզի անոնց մէջ իշխէ սէրը, ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը» գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2019, 13:30