Որոնել

Բեթղեհէմի Սրբոց Անմեղ Մանկանցն տօն Բեթղեհէմի Սրբոց Անմեղ Մանկանցն տօն 

«Մեր աշխարհը դարձնենք աւելի մարդկային» Ֆրանչիսկոս Պապին 28 դեկտեմբերի թուիթը։

Այսօր Եկեղեցին կը տօնէ Բեթղեհէմի Սրբոց Անմեղ Մանկանցն տօնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Բեթղեհէմի մանուկներուն տօնին՝ կը յիշատակուին երկու տարեկանէն վար այն բոլոր մանուկները՝ որոնք սպաննուեցան Հերովդէս թագաւորին հրամանով եւ որոնք կը գտնուէին Բեթղեհէմի մէջ եւ անոր շրջակայքը։

Արդարեւ մոգերը որոնք Աստղը տեսած էին, որպէս նշան մեծ թագաւորին ծննդեան, դիմած էին Հերովդէսին, տեղեկութիւն ստանալու համար անկէ։ Այս լուրին վրայ  Հերովդէսը կը վրդովի ու  մոգերէն կը խնդրէ  գտնել Մանուկը եւ իրեն տեղեկացնել անոր վայրի մասին, որպէսզի ինք եւս երթայ յարգանք մատուցելու՝ Նորածին Արքային։

Իրականին մէջ սակայն, Հերովդէս կ՝ուզեր իմանալ Յիսուսին ծննդեան վայրը որպէսզի զայն սպաննել տար, որովհետեւ կը վախնար իր գահը կորսնցնելէ, եւ ի պատասխան մոգերուն, որոնք՝ հնազանդելով հրեշտակին իրենց տուած՝ հրահանգին, Հերովդէսի մօտ չի վերադարձան, սաստիկ զայրացած՝ սպաննել տուաւ երկու տարեկանէն վար բոլոր մանուկները, յուսալով որ անոնց մէջ գտնուի նաեւ նորածին թագաւորը՝ Յիսուը։

Բեթղեհէմի Սրբոց Անմեղ Մանկանցն տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրեց հաւատացեալները՝ Յիսուս Մանուկին մէջ ընկալելու Աստուծոյ սէրը ապա թելադրեց յանձնառումով գործել մեր աշխարհը աւելի մարդկային դարձնելու համար ու արժանի վայր մը՝ այսօրուայ ու վաղուայ մանուկներուն։

«Մանուկ Յիսուսին մէջ ընկալենք Աստուծոյ սէրը ու յանձնառու ըլլանք մեր աշխարհը դարձնել աւելի մարդկային ու արժանավայել այսօրուայ եւ վաղուայ մանուկներուն համար» գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 28 դեկտեմբերին հրապարակած թուիթին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/12/2018, 13:30